Լիբանանեան բանակը երէկ հասաւ Հալիմա Քարա Լիբանան-Սուրիա սահմանագօտի եւ բարձրացուց Լիբանանի դրօշը:
Լիբանանեան հողերէն ՏԱՀԵՇ-ի հեռացումէն ետք բանակը տեղակայուեցաւ Ուատի Մարթապիայի մէջ:
ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ գլխատուած բանակային Ապպաս Մըտլեժի աճիւնները գտնելու մասին երէկ շրջանառութեան մէջ դրուեցան լուրեր, որոնք նախ եւ առաջ Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութեան կողմէ հերքուեցան:
Աւելի ուշ բանակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ Ռահուէի շրջանին մէջ գտնուած է աճիւն մը, որ կ՛ենթարկուի «Տի. Էն. Էյ.»-ի քննութեան:
Նշենք, որ բանակը այլ հաղորդագրութեամբ մը հերքեց այն լուրերը, թէ «Բարձունքներու արշալոյսը» գործողութեան հրամանատարը հրաժարած է:
Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ Պէյրութի միջազգային օդակայան կատարած իր այցելութեան ընթացքին շեշտեց, թէ ինք կը հաստատէ, որ Ուատի Տըպի մէջ գտնուած 8 աճիւնները առեւանգուած բանակայիններուն են` աւելցնելով, որ ինք այս մասին բանակի հրամանատարին հետ խօսած է:
Մինչ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները, անոնց ընտանիքներն ու վիրաւորները փոխադրող պասերը հասան Տէր Զօրի Պուքամալ շրջանը, Լիբանանի մէջ շարունակուեցաւ առեւանգուած բանակայիններու նահատակութեան պատասխանատուները, անոնց առեւանգումին պատասխանատուները գտնելու եւ անպայման մէկը պատժելու հոգեբանութենէն դրսեւորուած պայքարը:
Ցեխարձակումներու եւ ամբաստանութիւններու ալիքը բարձրացաւ` նահատակները երկրորդ անգամ մեռցնելու աստիճան:
Իւրաքանչիւր ղեկավար իր ըսելիքը ըսաւ եւ նահատակ բանակայիններու թղթածրարը ծառայեցուց քաղաքական նպատակներու, ապա կոչ ուղղեց բանակայիններուն սուրբ եւ մարդկային հարցը չքաղաքականացնելու:
Վարչապետ Սաատ Հարիրի թուիթըրեան գրառումի մը ընդմէջէն յայտնեց, որ նախկին վարչապետ Թամմամ Սալամ ցեխարձակումներ կատարող անհատներու աղեղներէն շատ աւելի բարձր է: «Մենք միշտ զօրակցած ենք Սալամին եւ կը շարունակենք նեցուկ կանգնիլ անոր: Բաւարար է այլեւս, վե՛րջ», նշեց Հարիրի` աւելցնելով, որ ինք չի յիշեր, որ այսօրուան ցեխարձակում կատարող կողմերը օրին նոյն հարցին պատճառով Սալամի կառավարութենէն հրաժարած են:
Միւս կողմէ, նախկին նախարար Պութրոս Հարպ յայտնեց, որ 2014-ին վարչապետ Թամմամ Սալամի կողմէ քաղաքական որոշումը տրուեցաւ բանակի նախկին հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի պահանջով: «Օրին զօր. Քահուաժի կառավարութեան նիստին ընթացքին յայտնեց, որ զինուորական գործողութիւններուն շարունակութիւնը պատճառ պիտի դառնար հազար հոգիի սպանութեան եւ մեծ թիւով նահատակներու», ըսաւ Հարպ:
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ կոչ ուղղեց վերջ տալու բանակայիններու ընտանիքներուն զգացական աշխարհը յուզող խաղերուն: Ան նշեց, որ պատերազմի ընթացքին իւրաքանչիւր զինուոր ենթակայ է նահատակութեան եւ գերեվարումի: «Իսկ այդ պատասխանատուութիւնը նախկին վարչապետ Թամմամ Սալամի վերագրելը ամօթ է», ըսաւ Ժոմպլաթ:
Թաուհիտ հոսանքի ղեկավար Ուիամ Ուահապ յայտնեց, որ լիբանանեան պետութիւնը պատասխանատու է լիբանանցի բանակայիններու նահատակութեան` աւելցնելով, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի օրին պահանջած է նախկին վարչապետ Թամմամ Սալամէն եւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիէն Արսալի մէջ ահաբեկչութեան դէմ չկռուիլ:
Նման յայտարարութիւններու եւ ամբաստանութիւններու զուգահեռ առեւանգուած բանակայիններու ընտանիքներուն անունով Հիւսէյն Եուսեֆ ըսաւ, որ բանակայիններու հարազատներուն համար խոր վիրաւորանք է տեսնել ՏԱՀԵՇ-ը լիբանանեան հողերէն հեռացնելու հոլովոյթը:
Ան աւելցուց, որ իրենք հպարտ են իրենց զաւակներով, որոնք նահատակուեցան ի խնդիր հայրենիքին: «Կ՛ողջունենք բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունը` Լիբանանը ազատագրելու ճակատամարտը յայտարարելու իր կեցուածքին համար, եւ կ՛ընդգծենք, որ մեր զաւակներուն թղթածրարին գծով սխալներ գործողները հաշուետուութեան կանչելու պահանջ պիտի ներկայացնենք: Կուսակցութիւնները ինչքան ալ հզօր ըլլան, անոնք ժողովուրդին կամքէն աւելի զօրաւոր չեն», շեշտեց Եուսեֆ:



