Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը Ռապիէի մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար Ժըպրան Պասիլի:
Նիստէն ետք Պասիլ ըսաւ. «Լիբանանի մէջ ահաբեկչութեան ծրագիրը ձախողած է, տարոսը տեղահանուածներու եւ բնակեցումի ծրագիրներուն»:
Պասիլ կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն տօնելու արձանագրուած յաղթանակը` նախքան անոր շուրջ տարակարծութեան ստեղծումը, որովհետեւ անիկա բոլորին համար արձանագրուած յաղթանակ է:
«Արտօնեցէ՛ք, որ մեր նահատակներուն հրաժեշտ տանք ցաւով, տխրութեամբ, ըստ արժանւոյն», շեշտեց ան:
Պասիլ նշեց, որ 2006-ին ոմանք փորձեցին Դիմադրութեան յաղթանակը պարտութեան վերածել, երբ Իսրայէլ ինք կը խոստովանէր իր պարտութեան մասին:
Ան կոչ ուղղեց մէկտեղելու Լիբանանի հզօր ազդակները, որոնցմէ առաջինը հզօր հանրապետութեան նախագահն է, որ իր երկիրը հզօր կը պահէ եւ նուաճումներ կ՛իրականացնէ:
«Յաղթանակը պարտութեան վերածելու փոխարէն պէտք է համաձայնինք, որ ահաբեկչութիւնը կեղտոտ է: Իսկ յաղթանակէն ետք պէտք է մերժենք Լիբանանի տարածքին ահաբեկչութեան որջերու գոյութիւնը, ըլլան անոնք սուրիացի տեղահանուածներու թէ պաղեստինեան գաղթակայաններ, նախ եւ առաջ Այն Հելուէի մէջ», ընդգծեց Պասիլ:



