Հիւսիսային Քորէան արձակեց թեւաւոր հրթիռ մը, որ Խաղաղական ովկիանոսին մէջ իյնալէ առաջ թռիչք կատարեց հիւսիսային Ճափոնի վերեւ, ինչ որ Ճափոնի վարչապետ Շինզօ Ապեն նկատեց իր երկրին դէմ ուղղուած «աննախադէպ» սպառնալիք մը:
«Պի.Պի.Սի.» կը հաղորդէ, որ քորէական ժամանակացոյցով երէկ կանուխ առաւօտեան արձակուած հրթիռը Հոքքայտօ կղզիին վրայէն անցնելէ ետք ինկաւ Խաղաղական ովկիանոսին մէջ:
Միացեալ Նահանգներ եւ Ճափոն ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի արտակարգ նիստ պահանջեցին:
Հիւսիսային Քորէան վերջերս հրթիռներու իրերայաջորդ փորձարկումներ կատարած է, սակայն ասիկա առաջին անգամն է, որ թեւաւոր հրթիռ մը արձակած է Ճափոնի վերեւ: 1998-ին եւ 2009-ին նոյնպիսի դէպքեր արձանագրուած էին, սակայն Հիւսիսային Քորէան յայտնած էր, որ անոնք արբանեակներու արձակման մեքենաներ են եւ ոչ թէ զէնքեր: Սակայն ասիկա կը թուի հիւլէական մարտագլխիկ կրելու կարողութիւնը ունեցող հրթիռ մը ըլլալ:
Հարաւային Քորէայի բանակը յայտնեց, որ հրթիռը ժամը 6:00-էն առաջ արձակուած է մայրաքաղաք Փիոնկիանկի մօտ գտնուող վայրէ մը, ինչ որ հազուադէպ է: Հրթիռը, որ հաւանաբար նոր զարգացած միջին հասողութեամբ «Հուասոնկ-12» մըն է, թռիչքը 2700 քիլոմեթր էր: Անիկա թռիչք կատարած է 550 քիլոմեթր բարձրութեան վրայ, ինչ որ հիւսիսային քորէական հրթիռներու նախկին փորձարկումներէն աւելի ցած էր:
Հրթիռը երեք մասի բաժնուելէ ետք, Խաղաղական ովկիանոսին մէջ ինկած է ճափոնական ծովափէն 1180 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ: Ճափոն որեւէ փորձ չկատարեց զայն վար առնելու, սակայն Հոքքայտոյի մէջ իր քաղաքացիներուն թելադրեց «տոկուն շէնքի մը կամ մարանի մը մէջ» ապաստանիլ:
«Պի.Պի.Սի.» կը նշէ, որ ամերիկեան եւ ճափոնական ուժերը ներկայիս Հոքքայտոյի մէջ ռազմափորձեր կը կատարեն:



