Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պատմական Սուրի Աւերման Համար Պատասխանատու Անձերու Դէմ Բողոք Ներկայացուած Է Թրքական Դատարանին

August 30, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ Տիգրանակերտի նահանգին մէջ կը շարունակուի քանդումը պատմական Սուր շրջանին, որուն մէջ կը մտնեն նաեւ հին հայկական շարք մը թաղամասեր:

Թրքական «Տեմոքրաթհապեր» կայքը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ ընդդիմադիր Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան երկու երեսփոխաններ բողոք ներկայացուցած են դատարան` ընդդէմ Սուրի քանդման համար պատասխանատու պետական այրերու:

Երեսփոխաններ Իմամ Թաշչըյեր եւ Սիպել Եիղիթալփ լրատուամիջոցներու հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտարարած են, որ իշխանութիւնները կը քանդեն Սուրը ո՛չ միայն տեղւոյն պատմութիւնը ոչնչացնելու, այլ նաեւ իրենց առեւտրական նպատակները այդտեղ իրագործելու համար:

Անոնք պահանջած են, որ պատասխանատուութեան ենթարկուին յատկապէս Սուրի բնակիչները ելեկտրականութենէ եւ կազէ զրկած պետական այրերը:

Թուրք-քիւրտ բախումներու պատճառով մեծ աւերներու ենթարկուած Սուրի շրջանին մէջ զինուորական գործողութենէն վնասուած է աւելի քան 40.000 խաղաղ քաղաքացի: Սուրի մէջ թրքական մասնայատուկ ուժերու գործողութիւնները սկսած էին 6 սեպտեմբեր 2015-ին եւ աւարտած 10 մարտ 2016-ին:

Սուրի աղէտին պատճառով աւերուած է շրջանի շուրջ 29.000 թաղամաս:

 

Նախորդը

«Եթէ Էրտողան Մեզի Դէմ Է, Ուրեմն Ճիշդ Ճամբու Վրայ Ենք» Կ՛ըսէ Էօզտեմիր

Յաջորդը

«Իրանի Հետ Հիւլէական Թղթածրարին Շուրջ Համաձայնութեան Այլընտրանք Գոյութիւն Չունի» Կ՛ըսէ Մաքրոն

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.