Գերմանիոյ խորհրդարանին մէջ Կանաչներ կուսակցութենէն երեսփոխան Ճեմ Էօզտեմիր մեկնաբանած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի` որոշ գերմանական կուսակցութիւններու քուէ չտալու կոչը:
Յիշեցնենք, որ Էրտողան գերմանաբնակ թուրքերուն կոչ ուղղած էր Գերմանիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընթացքին չքուէարկելու «Թուրքիոյ թշնամի» կուսակցութիւններուն, որոնց շարքին ան նշած էր նաեւ Կանաչներ կուսակցութիւնը:
«Այդ ցուցակին վրայ ըլլալը մեզի համար մեծ պատիւ է: Եթէ Էրտողան մեր անունը չտար` պիտի տխրէի: Եթէ ան մեզի դէմ է, ատիկա կը նշանակէ, որ մենք ճիշդ ճամբու վրայ ենք», ըսած է Պունտըսթակի ծագումով թուրք-չերքեզ երեսփոխանը:
Ան նաեւ նկատած է, թէ Էրտողանի «սեւ ցուցակին» վրայ չկան գերմանական ծայրայեղ աջակողմեան, ազգայնական կուսակցութիւնները` հակառակ անոր որ անոնք ծանօթ են իսլամներու եւ կարգ մը պարագաներու նոյնիսկ թուրքերու դէմ իրենց թշնամանքով:
«Ամէն ինչ ակնյայտ է. աշխարհի բոլոր ազգայնականները` ըլլան գերմանացի, թէ թուրք, աշխարհահայեացքով շատ մօտ են իրարու», ըսած է Էօզտեմիր` ազգայնական անուանելով նաեւ Թուրքիոյ մէջ Էրտողանի հիմնած եւ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը:



