Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆութպոլի Սիրահար Հնարամիտ Հայրը

August 26, 2017
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Անգլիական Սքանթորփ  քաղաքի 34-ամեայ բնակիչ Ճէյսըն Ուեսթի կինը օր մը առանձին ձգած է իր ամուսինը երեխաներուն հետ: Ճէյսըն դժգոհ մնացած է կնոջ որոշումէն, քանի որ այդ օրը ան կ՛ուզէր պատկերասփիւռէն դիտել իր սիրելի Մանչեսթըր Եունայթըտի մրցումը: «Լայֆ» թերթը կը գրէ, որ աշխատանքի մը  պատճառով Ճէյսըն Ուեսթ առաջին կիսախաղը չէ կրցած դիտել եւ միայն երկրորդ կիսախաղին ժամանակ մօտեցած է պատկերասփիւռին: Սակայն ամէն բան այնքան ալ դիւրին չէ եղած. երեխաները «գրաւած» են պատկերասփիւռը` Xbox խաղալով:

Այսպիսով, պատկերասփիւռը «ազատագրելու» համար Ուեսթ ստիպուած զբաղում մը մտածած է երեխաներուն  համար, քանի որ խաղային սարքը անոնցմէ խլելը  անկարելի էր: Բարեբախտաբար, Ճէյսըն զանոնք  զբաղեցնելու լաւ գաղափար մը մտածած է:

«Ես պատկերասփիւռ չեմ կրնար  դիտել, երբեք չեմ կրնար,  որովհետեւ  զաւակներս անընդհատ խաղեր կը  խաղան: Պէտք է երկրորդ կիսախաղը դիտէի, եւ միտքէս  ուրիշ բան չանցաւ, քան առաջարկել անոնց քիչ մը գումար շահիլ», պատմած է երեխաներուն հայրը: Ըստ անոր, խաղի նպատակը հինգ սթերլինկ արժողութեամբ թղթադրամը քիթով պատին սեղմելը եւ  այդ ձեւով կարելի եղածին չափ երկար կանգնիլն էր. յաղթողը կը ստանայ ամբողջ գումարը:

«Ես պատկերասփիւռ կը դիտէի եւ անոնց կը նայէի: Անոնք կրցան ապացուցել, որ պատրաստ են բարդ առաջադրանքներ կատարելու», ըսաւ հայրը:

Թերթը կը գրէ, որ ամբողջ 45 վայրկեան կրցած է կանգնիլ Ճէյսընի տղան: Հակառակ անոր որ աղջիկը պարտուած  է, հայրը ցուցաբերած ջանքին համար աղջկան ալ տուած է դրամը:

«Անոնք արդէն հետաքրքրուած են` արդեօք կրկին  այսպիսի խաղ կը խաղա՞ն: Ես կը կարծեմ, որ  անոնց գումարները կ՛աճին», ըսած է հայրը:

 

Նախորդը

Ռուստամեան. «Հոկլընտը Նոր Բան Չէ Ըսած, Իսկ Մեր Մօտեցումները Նոյնն Են»

Յաջորդը

Փոլ Փոկպա Եւրոպայի Լիկայի Լաւագոյն Մարզիկ

RelatedPosts

Պասքեթպոլ.  Սանթրալ – ՀՄԸՄ` 90-75
Մարզական

Պասքեթպոլ. Սանթրալ – ՀՄԸՄ` 90-75

November 2, 2026
Քարաթէ.  Հայաստան 4 Մետալ Կը Նուաճէ Գահիրէի Մէջ
Մարզական

Քարաթէ. Հայաստան 4 Մետալ Կը Նուաճէ Գահիրէի Մէջ

November 2, 2026
«Էմ. Էմ. Էյ.»  Ժան-Փոլ Պոսնոյեան Յաղթեց Ազրպէյճանցի Իր Մրցակիցին
Մարզական

«Էմ. Էմ. Էյ.» Ժան-Փոլ Պոսնոյեան Յաղթեց Ազրպէյճանցի Իր Մրցակիցին

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.