Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գերմանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը Էրտողանին Կ՛առաջարկէ Ինքնակամ Դադրեցնել Եւրոպական Միութեան Անդամակցութեան Բանակցութիւնները

August 26, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Զիկմար Կապրիէլ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին առաջարկած է Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան շուրջ բանակցութիւնները դադրեցնելու նախաձեռնութեան դիմելու, որովհետեւ ստեղծուած իրավիճակին մէջ քիչ հաւանական է, որ այդ բանակցութիւնները դրական արդիւնքի յանգեցնեն: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը:

«Թուրքիան, որ կը սահմանափակէ խօսքի ազատութիւնը, բանտ կը նետէ անմեղ մարդիկ եւ կը ճնշէ ընդդիմութիւնը, չի կրնար Եւրոպական Միութեան մաս դառնալ», ըսած է գերմանական դիւանագիտութեան պետը` «Պիլտ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին:

«Ատիկա գիտէ նաեւ Թուրքիոյ նախագահը: Կը կարծեմ` ինքն ալ ատիկա չ՛ուզեր եւ լուրջի չ՛առներ անդամակցութեան մասին բանակցութիւնները», աւելցուցած է Կապրիէլ:

Ըստ անոր, Թուրքիան մեծ է եւ գոյութիւն պիտի ունենայ նաեւ Էրտողանէն ետք: «Մենք խնդիր չունինք Թուրքիոյ հետ, թուրքերուն հետ, մենք խնդիրներ ունինք ներկայ կառավարութեան հետ», ըսած է Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարը:

Թրքական «Հապերլեր» կայքը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ, անդրադառնալով Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարի յայտարարութեան, ըսած է. «Շատ կը խօսի, սխալ ըրած է, թող իր գործին նայի»:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու իր կարգին յայտարարեց. «Չափը անցնող գերմանական յայտարարութիւններ կը լսենք»:

 

Նախորդը

Կրասնոտարի Մէջ Ծովը Ինկած Փոխադրակառքի Զոհերու Շարքին Են Երկու Հայեր

Յաջորդը

Ռուսական Օդուժը Սուրիոյ Մէջ Մէկ Շաբթուան Ընթացքին Ահաբեկիչներու Աւելի Քան Հազար Դիրք Քանդած Է

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.