Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՏԱՀԵՇ Սպառնացած Է Ֆրանչիսկոս Պապին

August 26, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏԱՀԵՇ հրապարակած է քարոզչական նոր տեսանիւթ մը, որուն մէջ ահաբեկիչները ոտքերով կը հարուածեն Յիսուսի արձանը, կը պատռեն Ֆրանչիսկոս պապի լուսանկարը եւ կը խոստանան յայտնուիլ Հռոմի մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ բրիտանական «Տը Տէյլի Մէյլ»-ը:

Ֆիլիփեան կղզիներուն մէջ նկարահանուած տեսանիւթին մէջ զինեալները կը խօսին քրիստոնէութեան եւ իսլամութեան մասին: Ամերիկեան առոգանութեամբ տեսանիւթը ներկայացնող անձը կը գովաբանէ «Մոհամետի ճշմարիտ զինուորները», որոնք պայքարած են Արեւելեան Ասիոյ մէջ տարածքներ գրաւելու համար: Այդ ընթացքին ՏԱՀԵՇ-ի անդամները կ՛աւերեն եկեղեցին:

Անոնցմէ մէկը կը նայի տեսախցիկին եւ անգլերէն կ՛ըսէ. «Յիշեցէ՛ք ասիկա, անհաւատներ, մենք պիտի ըլլանք Հռոմի մէջ, մենք պիտի ըլլանք Հռոմի մէջ, Աստուծոյ կամքով»:

Տեսանիւթին մէջ զինեալները կ՛աւերեն եկեղեցւոյ զարդարանքները, Յիսուսի եւ Մարիամ Աստուածածինի արձանները: Տեսանիւթի վերջաւորութեան եկեղեցին կ՛երեւի կրակի մէջ:

Վատիկանի զուիցերիական պահակագունդի հրամանատար գնդապետ Քրիսթոֆ Կրաֆ երէկ յայտարարեց. «Թերեւս Պարսելոնայի, Լոնտոնի, Նիսի, Պերլինի եւ Փարիզի նման Հռոմի մէջ ահաբեկչական յարձակում մը պարզապէս ժամանակի հարց է»:

Ան ընդգծեց, որ զուիցերիական պահակագունդը պատրաստ է դիմակայելու որեւէ վտանգ, ներառեալ` ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական խմբաւորման վտանգը:

Նախորդը

Պաքուի Մէջ Ձերբակալուած Է «Թուրան» Անկախ Լրատու Գործակալութեան Տնօրէնը

Յաջորդը

Կրասնոտարի Մէջ Ծովը Ինկած Փոխադրակառքի Զոհերու Շարքին Են Երկու Հայեր

RelatedPosts

Ըստ «Ռոյթըրզ» Լրատու Գործակալութեան.  Իրանի Մէջ Բողոքի Ցոյցերու  Ժամանակ Զոհուած Է Մօտ 2000 Մարդ
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ «Ռոյթըրզ» Լրատու Գործակալութեան. Իրանի Մէջ Բողոքի Ցոյցերու Ժամանակ Զոհուած Է Մօտ 2000 Մարդ

January 14, 2026
Լեյեն. «Պրիւքսել Նոր Պատժամիջոցներ  Պիտի Առաջարկէ Իրանի Նկատմամբ»
Գլխաւոր լուրեր

Լեյեն. «Պրիւքսել Նոր Պատժամիջոցներ Պիտի Առաջարկէ Իրանի Նկատմամբ»

January 14, 2026
Կրինլանտի Վարչապետին Համաձայն.  Իր Ժողովուրդը Չ՛ուզեր  Միացեալ Նահանգներու Մաս Դառնալ
Միջազգային

Կրինլանտի Վարչապետին Համաձայն. Իր Ժողովուրդը Չ՛ուզեր Միացեալ Նահանգներու Մաս Դառնալ

January 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.