9 կոլեր…ըը՜, ներողութիւն, 9 երեխաներու հայր, Պրազիլի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին աստղ Ռոպերթօ Քարլոսին կը սպառնայ երեք ամսուան բանտարկութիւն` նախկին ընկերուհիին բաժանումի հատուցումը չվճարելուն համար:
44-ամեայ Քարլոս իր երեք երեխաներու մայր Պարպարա Թուլերին չէ վճարած երեք ամիսէ ի վեր: Գումարը` 20 հազար տոլար: Քարլոս դատարանին մէջ ըսած է, թէ դրամական դժուարութիւններ կը դիմագրաւէ այժմ:
Ասիոյ եւ Ովկիանիոյ մէջ Ռէալ Մատրիտի դեսպան Ռոպերթօ Քարլոս վերջերս ունեցած է 9-րդ զաւակը:
Ռոպերթօ Քարլոս առաջին ամուսնութենէն ունի երեք երեխայ, հետագային չորս երեխայ ունեցաւ տարբեր կիներէ, իսկ հիմա ամուսնացած է Մարիանա Լուքոնի հետ, եւ ունին երկու դուստր:
Շարունակութիւնը անշուշտ ձեր երեւակայութեան կը ձգենք, սակայն յայտնի է, որ Ռոպերթօ Քարլոս գործնապէս կը կատարէ Աստուծոյ պատուէրը. «Գացէ՛ք եւ բազմացէ՛ք»:
Այս պատուէրը Ռոպերթօ Քարլոսէն շատ աւելի լաւ գործադրած է Պրազիլի ֆութպոլի նախկին աստղ Կարինչա, որ տարբեր կիներէ ունեցած է…14 զաւակ:
Իսկ այլ մարզաձեւերու բազմազաւակ մարզիկներ.
Քալվին Մըրֆի (պասքեթպոլ)… 14 զաւակ
Անթոնիօ Քրոմարթի (ռակպի)… 12
Էվանտըր Հոլի ֆիլտ (բռնցքամարտ) 11
Ճէյսըն Քաֆիյ (պասքեթպոլ) 10
Ուիլի Անտըրսըն (պասքեթպոլ) 9
Մ. Ալի Քլէյ (բռնցքամարտ) 9
Ասոնք անշուշտ պաշտօնապէս ընդունուածներն են: Մնացեալներուն հաշիւը…



