Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մենք Հայ Ենք

August 24, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱՆՈՒԷԼ ՔԷՇԻՇԵԱՆ

Օրեր առաջ Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթին մէջ կարդացի Թամար Սնապեան-Սուրճեանի արդարացի բողոքով գրուած յօդուածը:

Թամարը ընտանեօք եկած էր հայրենիք` աշխարհի բոլոր հայերուն երկիրը.  երեք շաբաթ վայելած էր Հայաստանի բարիքները, եւ երբ հասած էր վերադարձի տխուր օրը, սրտին եւ աչքերուն մէջ գամուած Արարատով հասած էր «Զուարթնոց» օդակայան, ուր Հայաստանի սահմանապահները աներեսաբար ուզած էին ընտանիքի իւրաքանչիւր անդամէն 50 հազար դրամ տուգանք գանձել, որովհետեւ Հայաստանի մէջ մնալու 21 օրուան վիզա ունէին, իսկ իրենք երկրէն կը հեռանային 22-րդ օրը` մէկ օր ուշացումով, ինչ որ երկրի օրէնքներուն խախտում էր:

Ընտանիքը վիրաւորուած էր, դարձեալ` արդարացիօրէն, եւ մերժած` տուգանքը վճարել: Սահմանապահը դիմած էր այդ պարագային համար նկատի առնուած փոխարինող քայլին եւ օրինազանցները զրկած էր մէկ տարի Հայաստան մուտք գործելէ: Այս արգելքը ապշեցուցած էր նոյնիսկ օդանաւի հիւրընկալուհի-hostess-ը, որ գոչած էր.

– Բայց դուք հա՛յ էք…

Այս բացագանչութիւնը քիչ մը մխիթարած էր ծայր աստիճան վիրաւորուած սփիւռքահայերը:

«Բայց դուք հայ էք…»:

Այո՛, մենք հայ ենք:

Հայաստանի Հանրապետութիւնը երկիր մըն է, որ  իր օրէնքները ունի, օրէնքներ, զորս պէտք է յարգեն բոլորը, անոնց կարգին` նաեւ այցելու օտարահպատակները, նոյնիսկ եթէ հայ են անոնք:

Այս ընտանիքը ընդամէնը մէկ օրով խախտած էր 21 օրուան վիզան: Հապա ինչո՞ւ կը տրուի վիզան, ինչո՞ւ կը նշուի կեցութեան իրաւունքի չափը: Յարգելու համար, չէ՞:

Բայց մենք հայ ենք:

Այս տխուր միջադէպը զիս տարաւ շատ հեռուներ, յիշեցուց նման եւ ոչ նման միջադէպեր, որոնք բոլորն ալ կապ ունին մեր հայ ըլլալուն հետ, մեզի ամենաթողութեան իրաւունք տուող մեր հայկականութեան հետ:

Կը յիշեմ դեռ խորհրդային շրջանին որպէս հիւր Հայաստան այցելած միութենական ղեկավարներ, «Սփիւռքահայութեան հետ մշակութային կապի կոմիտէ»-ի ներկայացուցիչներու ընկերակցութեամբ, ծանր ճամպրուկներով, առանց քննութեան ճանապարհուելէ ետք, երբ  յաւելեալ կշիռքի դիմաց վճարել պարտաւորուէին, ի՜նչ կռիւներ կ՛ընէին, ի՜նչ սպառնալիքներ կը տեղացնէին խեղճ պաշտօնեային գլխուն, որ նկատի չէր առած իրենց հայ ըլլալը, այդ ալ ի՜նչ հայ, Խորհրդային Հայաստանին մեծամեծ ծառայութիւններ մատուցած հայ:

Հայ ենք:

Կը յիշեմ, անկախութենէն ետք նախկին ցուցարարներէն շատեր դժգոհ էին նախարարներէն եւ նախագահէն, որովհետեւ չէին կրնար, երբ որ ուզեն, երթալ եւ սուրճ ըմպել երէկուան իրենց զինակիցին մօտ:

– Ոնց որ հայ չլինի…

Տակաւին, կը յիշեմ, անկախ Հայաստանի առաջին նախագահը Հալէպ եկած էր: Ամէն մարդ իրեն իրաւունք կը պահէր երթալ եւ նախագահին դուռը ոտքով հրելով` ներս մտնել:

Հայ չե՞նք, նախագահն ալ հայ չէ՞, այդ ալ` մուսալեռցի հայ, Հալէպի մէջ ծնած հայ:

Կը յիշեմ. Հայաստանի այլ նախագահ մը Հալէպ այցելած էր: Զայն դիմաւորող միութենական ղեկավարներէն մին  նախագահին ափը երկու ձեռքերուն մէջ աքցանած` սիրալիր խօսքեր կը փսփսար անոր, թերեւս կը խրատէր ալ անփորձ նախագահը:

Թունդ ազգասէր հայ մըն էր միութենական այդ ղեկավարը:

Կը յիշեմ նաեւ այլ դէպք մը. 1992-1993 թուականներուն էր, երկրին մէջ 11 ամիս ապօրինի մնացած հայ կաթողիկէ վարդապետ մը գացած էր արտաքին գործոց նախարարութեան բաժիններէն մէկը ղեկավարող սփիւռքահայու մը քով բողոքելու, որ համապատասխան գրասենեակը իրմէ ամէն մէկ ուշացած օրուան համար երկու տոլար կը պահանջէր: Ան կ՛ըսէր.

– Եղբա՛յր, ես հոս մնացած եմ ազգիս օգտակար դառնալու, եկեղեցի շինելու, խորհրդային տարիներուն խորթացած հայ ժողովուրդին քրիստոնէութեան գիրկը վերադարձնելու, տեսա՞ր, ինծի շնորհակալութիւն յայտնելու փոխարէն` դրամ կը պահանջեն… ասոնք հա՞յ են:

Հայ պատասխանատուն ի զուր կը ջանար համոզել, որ այս երկիրը պետութիւն ունի, պետութիւնը իր օրէնքները ունի, որոնց ենթարկուելու պարտաւոր ենք բոլորս:

Այս կաթողիկէ վարդապետը միայն մէկ բանի վրայ կը դնէր շեշտը` բոլորիս ալ հայ ըլլալուն: Առանց մտածելու, որ ազգօգուտ նկատած իր գործին պատասխանատու մը կրնար թերահաւատօրէն մօտենալ…

Վարդապետն ալ հայ էր, պատասխանատուն ալ` մեզի պէս:

Անշուշտ այս ամէնուն հետ Թամար Սնապեան-Սուրճեանի ընտանիքին միակ առնչութիւնը հայ ըլլալն է: Սակայն այս ամէնը յիշեցի` անկախ ինձմէ, որովհետեւ անդրադարձայ, որ հայ ենք, եւ մեզի համար դժուար ըմբռնելի պիտի ըլլայ հայրենիքի զգացողութիւնն ու  պետականութիւն եզրին իրարմէ զանազանումը, պետական օրէնքներուն հնազանդելու հրամայականին հետ հաշտուիլը:

Մենք հայ ենք, Հայաստանը մեր երկիրն է, վկայ` օդանաւի աղջկան ճիչի նմանող խօսքը. «Բայց դուք հայ էք…»:

Այս ընտանիքին արարքը մեծ օրինազանցութիւն մը չէ, ԲԱՅՑ օրինազանցութիւն է, որուն պատիժը մեծ եղած է, չափազանց մեծ, ընդվզելու աստիճան անարդար, գոնէ 18 տարեկանէն վար տղան չզրկուէր եւ կարենար արգելքի մէկ տարին չամբողջացած կայանալիք բանակումին գալ: Միւս կողմէ` այս պարագան այնքան դիւրին լուծելի  հարց մը կրնար ըլլալ, եթէ ճամբորդելէն մէկ օր առաջ ընտանիքը դիմէր համապատասխան գրասենեակ եւ մէկ օրով երկարաձգէր Հայաստան իր կեցութիւնը. թերեւս հիւպատոսարանը պէտք էր նախազգուշացնէ՞ր, բայց վիզային մէջ նշուած օրերու քանակը զգուշացում չի՞ նկատուիր:

Այս ամէնը բոլորիս ցաւ կը պատճառէ, որովհետեւ բոլորս հայ ենք, եւ բոլորս կ՛ուզենք, որ այսպիսի հարցեր չծագին:

Եւ հիմա Արարատին նման` մտքիս մէջ հարցում մը գամուած կը մնայ. նախ եւ առաջ մենք` սփիւռքահայերս պէտք չէ՞ ենթարկուինք համայն հայութեան երկրի օրէնքներուն:

 

Նախորդը

Անյայտ Արձաններ. «Պիպլիական Դաւիթ»` Չարի Եւ Բարիի Պայքար

Յաջորդը

«Դասաւանդութիւնն Ու Թատրոնը Իմ Սէրերս Են. Որքա՜ն Մարդոց Կը Հասնիս, Ի՜նչ Ազդեցութիւն Կ՛ունենաս Մարդոց Վրայ Եւ Ի՜նչ Արձագանգ Կը Ստանաս Անոնց Ընդմէջէն», «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Անահիտ Արամունի-Քէշիշեան

RelatedPosts

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.