Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

August 19, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆԱԽԱԳԱՀ  Միշել Աուն, վարչապետ Սաատ Հարիրի, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի եւ այլ բարձրաստիճան պատասխանատուներ, ղեկավարներ ու կազմակերպութիւններ երէկ բուռն կերպով դատապարտեցին Սպանիոյ մէջ պատահած ահաբեկչական արարքը` ցաւակցութիւն յայտնելով զոհերուն համար եւ զօրակցութիւն ցուցաբերելով Սպանիոյ եւ սպանացի ժողովուրդին:

ՎԱՐՉԱՊԵՏ  Սաատ Հարիրի եւ այլ պատասխանատուներ երէկ շնորհաւորեցին լիբանանցիներն ու յատկապէս Սիր Տըննիէի բնակիչները, այս շրջանի արձանագրած յաջողութեան համար` իբրեւ Լիբանանի լաւագոյն եւ գեղեցկագոյն զբօսաշրջական վայր:

ՀՐԴԵՀ մը ծագեցաւ երէկ գիշեր Քըպպէի Հալպա ձորին մէջ` սպառնալով մօտակայ բնակչութեան ապահովութեան: Հրշէջներ փութացին դէպքին վայրը, սակայն մինչեւ ուշ գիշեր կարելի չէր եղած ամբողջովին մարել կրակը:

ՔԱՂԱՔԱՑԻԱԿԱՆ պաշտպանութեան ուժերու տարրեր երէկ Ժունիէի ծոցի ծովափին յաջողած են փրկել զբօսանաւ մը, որուն շարժակներուն մէջ անակնկալ խանգարում պատահած էր եւ կը սպառնար ժայռերուն բախիլ: Զբօսանաւուն վրայ կային չորս հոգի:

ՖՐԱՆՍԱԿԱՆ դեսպանատունը հաղորդագրութեամբ մը Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան անունով շնորհաւորեց լիբանանցի ժողովուրդը քրէական օրէնսգիրքին մէջ թիւ 522 յօդուածի ջնջումին համար, ըստ որուն բռնաբարողը կը խուսափէր պատժական տնօրինումէ` իր զոհին հետ ամուսնանալու պարագային: Հաղորդագրութիւնը այսուհանդերձ անհրաժեշտ նկատեց լրացուցիչ քայլերու գործադրութիւնը:

ՊԱԹՐՈՒՆԻ մէջ անունի Ա. Զ. սկզբնատառերով 28-ամեայ երիտասարդի մը անշնչացած մարմինը գտնուեցաւ երէկ իր բնակարանին մէջ: Նախնական տեղեկութեանց համաձայն, ան անձնասպան եղած է եւ հրաժեշտի նամակով մը իր ծնողքին թելադրած է հետապնդել այն աղջիկը, որ պատճառ դարձած էր իր այս քայլին եւ իր կողմէ թմրեցուցիչներու գործածութեան:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքը երէկ հաղորդագրութեամբ մը յայտնեց, որ Ռաշիտ Ժոմպլաթ վերջնականապէս արտաքսուած է հոսանքէն եւ ոչ մէկ առնչութիւն ունի անոր հետ:

ԱՀՄԵՏ Համմուտ անունով սուրիացի մը 16 օգոստոսին հարաւային Լիբանանի Ուազզանի շրջանէն դէպի Խիամ իր մեկնումի ընթացքին անհետացած է, եւ անոր կինը այս մասին տեղեակ պահած է ապահովական պատկան մարմինները: Սակայն յետ քննութեանց ապահովական ուժերը երէկ ձերբակալած են անոր հինգ ամսուան յղի կինն ու սիրականը, որոնք մեղսակցաբար խեղդամահ ըրած եւ Խիամի մէկ այգիին մէջ թաղած են ամուսինը:

 

 

Նախորդը

Ակնարկ. Ամերիկեան Հետեւողականութիւն Բ. (Ընդհանուր Դիտարկումներ)

Յաջորդը

Զգուշաւոր Հանդարտութիւն` Սայտայի Այն Հելուէ Գաղթակայանին Մէջ

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.