Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքը Աստուածաշունչի Ճամբար Կը Կազմակերպէ

August 19, 2017
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ԱՐԱԶ ԳՈՃԱՅԵԱՆ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքը այս ամառ առաջին անգամ ըլլալով կը կազմակերպէ Աստուածաշունչի ճամբար մը, որ ընթացք պիտի առնէ երկուշաբթի, 21 օգոստոսին եւ պիտի տեւէ մինչեւ 27 օգոստոս: Այս առիթով «Ազդակ» կարճ զրոյց մը ունեցաւ Մեղրիկ եպս. Բարիքեանին հետ մանրամասն տեղեկութիւններ ունենալու համար ճամբարին մասին:

«Աստուածաշունչի ճամբար խորագիրով այս բանակումին գաղափարը միշտ ալ ունեցած ենք, սակայն այս տարի Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին տնօրինութեամբ կաթողիկոսարանիս Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքին ընդմէջէն իրականացաւ այս ծրագիրը, որովհետեւ կը հաւատանք, որ քրիստոնէական դաստիարակութիւնը մեր ազգային ինքնութեան ու գոյութեան խարիսխն է: Դաստիարակութիւնը պարզ մարդը գլխագիր մարդ դարձնող հիմնական աղբիւրն է, իսկ Քրիստոնէական դաստիարակութիւնը այդ գլխագիր մարդը բիւրեղացնող ու ազնուացնող ուժն է: Ճամբարը նպատակ ունի քրիստոնէական դաստիարակութիւն ջամբել, ինչպէս նաեւ մեր ժողովուրդին զաւակները մօտեցնել եկեղեցւոյ ու ընդգրկել մեր եկեղեցւոյ մէջ», նշեց սրբազանը եւ աւելցուց. «Անշուշտ ասիկա չի նշանակեր, որ մենք իւրաքանչիւր մասնակիցէ ակնկալութիւն ունինք, այլ աստուածաշնչական սկզբունքէ մեկնած կը հաւատանք, որ երբ ցանես, ուշ կամ կանուխ կը հնձես»:

Խօսելով ճամբարին ծրագիրին մասին` սրբազանը ըսաւ. «Ճամբարին գլխաւոր նիւթն է Աստուածաշունչը: Այս ընթացքին մասնակիցները խաղերու, ձեռային աշխատանքներու, արուեստի գործերու ընդմէջէն պիտի դաստիարակուին Աստուածաշունչի օրինակներով: Օրինակ` գծագրութեան ընթացքին անոնք պիտի ծանօթանան ծիրանի գօտիին գոյներուն իմաստին, լողաւազանի պտոյտին ընթացքին մենք անոնց պիտի խօսինք Յիսուսին ծովուն վրայէն քալելու հրաշքին մասին, քրիստոնէութեան մէջ ջուրին կարեւորութեան մասին կամ ֆութպոլ խաղացած ժամանակ մենք պիտի շեշտենք համերաշխութեան ու առողջ մրցակցութեան կարեւորութիւնը եւ այլն: Այսինքն` ճամբարին իւրաքանչիւր պահը պիտի ըլլայ քրիստոնէական դաստիարակութեան շունչով: Ճամբարին ընթացքին մեր զաւակներուն խաղերու ու ժամանցի ընդմէջէն պիտի փոխանցենք այն, ինչ որ Քրիստոս ինք մեզի փոխանցեց` սիրոյ ու համերաշխութեան շունչը», ընդգծեց ան:

«Նշեմ, թէ մասնակցելու համար ճամբարին, որ տեղի պիտի ունենայ ԼՕԽ-ի կազդուրման կայանին մէջ, դիմած են շուրջ 7-18 տարեկան 314 պատանիներ, որոնցմէ սակայն մենք պիտի կարենանք ընդունիլ միայն շուրջ 100-ը: Ստիպուած էինք այսպէս ընել` նկատի ունենալով, որ կարելիութիւնը չունինք բոլոր 300 դիմողները մէկտեղելու: Ընդունած ենք անոնք, որոնք մեզի դիմած են առաջին փուլին: Իւրաքանչիւր 10 մասնակից պիտի ունենայ 3 պատասխանատու` մէկ հոգեւորական, երկու աշխարհական, որոնք այս ընթացքին արդէն ստացան մանկավարժական փոքր դասընթացք մը մանուկներուն եւ պատանիներուն հետ աշխատելու գծով», յայտնեց սրբազանը:

«Այս ճամբարը կը կազմակերպենք մեր ժողովուրդին համար: Կը մաղթեմ, որ մեր զաւակները, ծնողները անդրադառնան, որ քրիստոնէական դաստիարակութիւնը այս ժամանակներուն մէջ բոլոր ժամանակներէն աւելի անհրաժեշտ է», ըսաւ սրբազանը` եզրափակելով. «Մենք կ՛ուզենք, որ մեր զաւակներուն եկեղեցի յաճախելը շարունակական ըլլայ, եւ անոր համար ալ ունինք այլ ծրագիրներ եւս, որովհետեւ մենք կարեւոր կը նկատենք քրիստոնէական դաստիարակութիւնը` կրթելու համար մեր զաւակներուն միտքերն ու հոգիները, օգնելու համար զանոնք աշխարհիկ տագնապներէն ձերբազատելու»:

 

 

Նախորդը

Ազրպէյճանի «Սեւ Ցուցակը» Իրականում Խթանում Է Այցելուների Հոսքն Արցախ

Յաջորդը

ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոնի Պարգեւատրում ` Առողջապահութեան Նախարարութեան Կողմէ

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի Մօտ Իրանի Դեսպանը
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի Մօտ Իրանի Դեսպանը

February 3, 2026
ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Ներկայացուցչական 52-րդ Ժողով
Գաղութային

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Ներկայացուցչական 52-րդ Ժողով

February 3, 2026
Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.