17 օգոստոսի կառավարութեան նիստին հաստատուեցաւ Հայաստանի մէջ գիտութեան զարգացման 2017-2020 թուականներու ռազմավարական ծրագիրը: Համապատասխան որոշման նախագիծը ներկայացուցած է Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեան:
Ռազմավարական ծրագիրով նախատեսուած են այս մարզի մարտահրաւէրներու պատասխաններուն ուղղուած հիմնական լուծումներն ու անոնցմով պայմանաւորուած միջոցառումները, ինչպէս նաեւ ծրագիրի իրականացման արդիւնաւէտութեան գնահատման առանցքային ցուցանիշները ըստ նպատակներու:
Ծրագիրի դիտարկումը պիտի իրականացնէ Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան գիտութեան պետական կոմիտէն` տարեկան պարբերականութեամբ: Իւրաքանչիւր տարի Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան պիտի ներկայացուի հաշուետուութիւն` ծրագիրի արդիւնաւէտութեան առանցքային ցուցանիշներուն ուղղութեամբ տուեալ տարուան նախորդող տարուան կատարողականի եւ յաջորդող երեք տարիներու կանխատեսումներու վերաբերեալ:
Անոնց արդիւնքով կարելի պիտի ըլլայ հանրապետութեան մէջ ձեւաւորել միջազգային ասպարէզին մրցունակ, Եւրոպական հետազօտական տարածքի հետ համարկումի եւ այդ հետազօտական տարածքին մէջ իր մասնագիտացման տիրոյթը ձեւաւորող ազգային գիտական համակարգ, որ պիտի խթանէ գերազանցութիւնը հիմնարար ու կիրառական հետազօտութիւններու մէջ եւ նպաստէ հանրապետութեան տնտեսական զարգացման ու յառաջընթացին:




