Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հիւսիսային Քորէայի Կացութիւնը Զինուորական Լուծում Չունի» Կ՛ըսէ Թրամփի Խորհրդականը

August 18, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հիւսիսային Քորէայի կողմէ սպառնալիքներու վերաբերող հիմնախնդիրի զինուորական լուծում գոյութիւն չունի: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին «Ամերիքըն Փրոսփեքթ»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած է ամերիկեան վարչակազմի գլխաւոր քաղաքական խորհրդատու Սթիվըն Պանըն:

«Ոչ մէկ զինուորական լուծում կայ, մոռցէ՛ք այդ մասին: Այնքան ատեն որ ոեւէ մէկը չէ լուծած խնդիրին մէկ մասը եւ ցոյց չէ տուած ինչպէս ընել, որ Սէուլի մէջ տասը միլիոն մարդ չզոհուի սովորական զէնքի օգտագործման առաջին 30 վայրկեանին ընթացքին, ես չեմ գիտեր, թէ ինչի՛ մասին դուք կը խօսիք: Այստեղ զինուորական որեւէ լուծում չկայ», ըսած է ան:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա զգուշացուց, որ Միացեալ Նահանգներու եւ Հիւսիսային Քորէայի միջեւ բախում մը շրջանի սահմաններէն անդին անցնելով պիտի տարածուի ամբողջ աշխարհի մէջ:

Ան ըսաւ, որ աշխարհը աղէտալի դիպաշարի ականատես պիտի դառնայ, եթէ Միացեալ Նահանգներ գործադրեն Հիւսիսային Քորէային ուղղած իրենց սպառնալիքը: «Եթէ Ուաշինկթընէն մեր լսածը գործադրութեան դրուի, ապա ատիկա աշխարհի վերջին դիպաշարն է», ընդգծեց Զախարովա:

Հարաւային Քորէայի նախագահ Մուն Չժէ Ին իր պաշտօնավարութեան առաջին 100 օրուան առիթով արտասանած խօսքին մէջ յայտարարեց. «Քորէական թերակղզիին մէջ այլեւս երբեք պատերազմ պիտի չըլլայ»:

«Ամենայն վստահութեամբ կ՛ըսեմ, որ Քորէական թերակղզիին մէջ այլեւս երբեք պատերազմ պիտի չըլլայ», յայտարարած է Ին` աւելցնելով, որ Միացեալ Նահանգներ պատրաստ են Սէուլի հետ քննարկելու հիւսիսային քորէական տագնապի լուծման տարբերակները եւ ընդգծած. «Ամերիկան Փիոնկիանկի դէմ որեւէ քայլի պիտի չձեռնարկէ առանց Սէուլի համաձայնութեան»:

«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Ին բացատրած է, թէ Փիոնկիանկի դէմ զինուորական ուժ կիրարկելու մասին Ուաշինկթընի սպառնալիքները տակաւին չեն նշանակեր, թէ Միացեալ Նահանգներ մէկ անգամէն գործի պիտի անցնին: Ան ընդգծած է, որ Հիւսիսային Քորէան «կարմիր գիծ»-ը կը կտրէ, եթէ ստեղծէ հիւլէական մարտագլխիկ, որուն արդէն մօտ է:

Վերջերս հաղորդուեցաւ, որ Հիւսիսային Քորէայի ղեկավար Քիմ Չեն Ըն ըսած է, որ պատրաստ է որոշ ժամանակով յետաձգելու Կուամը հարուածելու որոշումին գործադրութիւնը եւ տեսնելու, թէ Միացեալ Նահանգներ ինչպէ՛ս պիտի վարուին, իսկ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ ողջունած էր այդ որոշումը:

 

Նախորդը

Թուրքիա Կ՛ամրապնդէ Իրանի Հետ Իր Զինուորական Յարաբերութիւնները

Յաջորդը

Պարսելոնայի Մէջ Վրայերթ

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.