Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արհեստագիտական Նորութիւններ

August 18, 2017
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

«Արհեստական Բանականութիւնը (
Artificial Intelligence)  Աւելի Մեծ Վտանգ Է,
Քան` Հիւսիսային Քորէան». Ի. Մասք

Ամերիկեան «Սփէյս էքս» եւ «Թեսլա» արհեստագիտական ընկերութիւններու համահիմնադիր եւ ղեկավար Իլոն Մասք «Թուիթըր»-ի իր էջին մէջ գրած է, որ մարդիկ պէտք է աւելի շատ մտահոգուին արհեստական բանականութենէն, քան` Հիւսիսային Քորէայի հետ լարուածութեան աճի վտանգէն:

«Եթէ դուք դեռ մտահոգ չէք արհեստական բանականութեան կապուած վտանգով, կ՛արժէ մտահոգուիլ: Աւելի մեծ վտանգ է, քան` Հիւսիսային Քորէան», գրած է ան:

Այդ ձեւով Իլոն Մասք յիշատակած է իր կողմէ հիմնադրուած «Օփըն Էյ.Այ.» ուսումնասիրական գիտաշխատանոցը:

Մասք բազմիցս արհեստական բանականութիւնը շուտափոյթ վերահսկելու կոչ ըրած է, քանի որ, ըստ անոր, այս մարզը չափազանց արագ կը զարգանայ, եւ եթէ ժամանակին չլուծուի հարցը, շատ ուշ կ՛ըլլայ: Ըստ անոր, միջոցառումներ չձեռնարկելը կը սպառնայ մարդկութեան:

Իլոն Մասք Նահանգապետներու ազգային ընկերակցութեան հանդիպման ժամանակ, նախապէս խօսք առնելով, յայտարարած էր, որ արհեստական բանականութիւնը հիմնական սպառնալիքն է, որուն մարդկութիւնը իբրեւ քաղաքակրթութիւն պիտի բախի:

«Մարդամեքենաները կրնան պատերազմ սկսիլ` հրապարակելով կեղծ նորութիւններ եւ մամուլի հաղորդագրութիւններ, կեղծելով ելեկտրոնային փոստի արձանագրութիւններն ու խարդախելով տեղեկատուութիւնը», նախազգուշացուցած էր միլիառատէրը` նկատելով, որ` «գիրը սուրէն ուժեղ է»:

«Այս ասպարէզին մէջ անհրաժեշտ է պետական դասաւորում, որ  իւրայատուկ զսպիչ ուժ պիտի ըլլայ  արհեստագիտական  մրցապայքարին մէջ»,  գրած է Իլոն Մասք:

 

Հայաստանի Մէջ Համացանցով Անվճար
Հաղորդակցութիւնը Դո՞ւրս Կը Մղէ Բջիջային Եւ
Լարային Հեռաձայնային Կապը

Յուլիսին Հայաստանի մէջ սղաճը տարեկան հաշուով, 0,9 առ հարիւր կազմած է: Ատիկա հիմնականին մէջ նկատելի եղած է մանր առեւտուրի ասպարէզին մէջ:

Վերջին լճացումէն ետք, այս տարի բնականոնացաւ: Այսպէս, մանր ապրանքաշրջանառութիւնը յունուարէն յունիս ժամանակամիջոցին զգալիօրէն աճած է (6,2 տոկոս): Պէտք է ենթադրել, որ այստեղ դրական գործօն հանդիսացած են արտաքին գումարային փոխանցումները (զգալի մասը` Ռուսիայէն), որոնք մարդիկ կը ստանան Հայաստանի մէջ:

Ընդհանրապէս գումարային փոխանցումները այնքան զգալիօրէն չեն աւելցած: Ուրեմն սուղ ընտանեկան պիւտճէին փոքր յաւելումը դուրսէն գումարներ ստացողները բաւարարած է միայն սննդակարգը բարելաւելու համար: Այս պայմաններուն մէջ ոչ պարենային ապրանքներու գիները, նոյնպէս` որոշ ծառայութիւններու սակեր, չեն բարձրացած, այլ նոյնիսկ նուազած են:

Այսպէս, հաղորդակցութեան միջոցներու սակերը նուազած են, սակայն միայն` 0,1 առ հարիւր: Իսկ բջիջային կապի ասպարէզին մէջ յունուարէն-յունիս բացասական միտում կը նկատուի, անկում` մօտ մէկ քառորդով (24,7 առ հարիւր): Մօտաւորապէս նոյնն է լարային հեռաձայնային հաղորդակցութեան կապուած իրավիճակը` 18 առ հարիւրով շահի կրճատում: Սակայն համացանցին մատչելիութեան ֆիզիքական ծաւալը աճած է 34,8 առ հարիւր, այսինքն` աւելի քան մէկ քառորդ:

Յայտնի է, որ «համաշխարհային սարդոստայնը», բացի ծառայութիւններու լայն ասպարէզէն, օգտագործողներուն համար հաղորդակցելու յատուկ կարելիութիւններ կ՛ընձեռէ: Օրինակ` «Սքայփ»-ով եւ շարք մը ընկերային կայքերու տեսակապը: Հասկնալի է, որ անվճար տեսակապը շատ աւելի գրաւիչ է, քան` վճարովի ձայնային զրոյցը:

Նման կարելիութիւններ նոյնպէս կ՛ընձեռեն ժամանակակից բջիջային հեռաձայնները (օրինակ` «Վայպըր» անվճար յաւելուածը): Իսկ տան մէջ այդ նպատակներուն համար աւելի ձեռնտու է օգտագործել համակարգիչներ, նոյնպէս` փլանշեթներ եւ նոթպուքեր: Այնպէս որ, չի բացառուիր հեռաձայնային կապի վճարովի ծառայութիւններէն (ներառեալ` միջքաղաքային եւ միջազգային) անվճար համացանցայինին անցում կատարելը:

 

Համացանցին Մէջն Է Այֆոն 8-ի Անլար
Լիցքաւորման Գործիքին Լուսանկարը

ԱյՖոն 8 սմարթֆոն-ը անլար լիցքաւորման գործիք կ՛ունենայ: Համացանցին մէջ է յայտնուած  գործիքին  նկարը: Ըստ մասնագէտներու, համացանցին մէջ յայտնուած նկարը լիցքաւորող գործիքին նախատիպն է: Կարծիք կայ նոյնպէս, որ ատիկա փէյճըր-ի հաշուիչն է կամ  Էփըլ Թի.Վի.-ի նոր ածանցեալը: Մակերեսը ապակի է:

Նոր ԱյՖոնները մանրամասն ներկայացուած են տեսանիւթով

Պլոկըր Տենի Վինճետ հրապարակած է ԱյՖոն 7էս-ի, 7էս Փլասի-ի եւ 8-ի տեսագրութիւնը: Ատոր հեղինակը նոյնպէս կը համեմատէ սմարթֆոնները ԱյՖոն 7-ի եւ 7 Փլաս-ի հետ:

Երեք նոր սարքերն ալ ապակիէ կաղապար ստացած են ԱյՖոն-ի անլար լիցքաւորման «հարցը լուծելու» նպատակով: Ըստ Վինճետի, 7էս-ի շրջանակը պողպատէ է, իսկ 7-ինը` ալիւմինիոմէ: ԱյՖոն 8-ի տեսքը տարբեր կ՛ըլլայ: Չափերով ատիկա աւելի մեծ է վերջին երկուքէն, իսկ պաստառը կը գրաւէ առջեւի գրեթէ ամբողջ մակերեսը:

ԱյՖոն 8-ը կը ներկայացուի Էփըլ-ի տարեկան շնորհանդէսին` 2017 թուականի աշնան:

 

Ի՞նչ Պէտք Է Ակնկալել Էփըլ-ի
Նոր Այֆոն 8-էն

Սովորաբար ամերիկեան Էփըլ ընկերութեան արտադրութիւնը, յատկապէս` ԱյՖոն սմարթֆոնը, իր շուրջը աղմուկ կը բարձրացնէ  եւ մեծ իրարանցում կը յառաջացնէ նախքան պաշտօնական շնորհանդէսը:

Նոյնը կարելի է ըսել նաեւ ԱյՖոն 8-ի վերաբերեալ. նոր սերունդի սմարթֆոնը տակաւին չէ ներկայացուած, սակայն ատոր մասին կը խօսին բոլորը` փորձելով կռահել, թէ այս անգամ ի՛նչ նորարարական լուծումներով պիտի զարմացնէ «խնձորային» վաճառանիշը:

«Վըրճ» կայքը ի համախմբած է  ԱյՖոն 8-ի վերաբերեալ շրջանառուող տեղեկութիւնները` փորձելով կազմել սարքի նախնական բնութագիրը:

Երկար սպասուած նորոյթը`

1. Կը ներկայացուի սեպտեմբերին,
2. Կ՛ունենայ դիմային երեսի մէկ ծայրէն միւսը երկարող մեծ պաստառ,
3. Չ՛արտադրուիր վարդագոյն տարբերակով,
4. Կ՛ունենայ առանց թելի լիցքաւորման կարելիութիւն եւ ապակեայ յետին երես,
5. Կ՛ունենայ կից վիրչուըլ իրականութեան դիմային սարք,
6. Դիմաճանաչողական գործառոյթ,
7. Շատ աւելի որակեալ Ռետինա պաստառ,
8. Կը գործէ իՕՍ 11 համակարգի հիմքով,
9. Բոլոր ԱյՖոն-ներու մէջ կրնայ դառնալ ամէնէն սուղը:

 

Վերթիւ (Vertu) Աննախընթաց Զեղչերով
Կը Վաճառէ Իր Հեռաձայնները

Սկսած է բրիտանական Վերթիւ արտադրողի սմարթֆոն-ներու վաճառքը` զեղչուած գիներով: Բոլոր փափաքողները կրնան զեղչով գնել այդ շքեղ հեռաձայնները` ընկերութեան արտադրութեան գլխաւոր կեդրոնի փակումէն ետք:

Վերթիւ հեռաձայններու գիները քանի մը անգամ նուազեցնելով` այժմ կը վաճառուին ՊիտՍփոթըր աճուրդին մէջ: Ոսկեղէն մարմինով եւ կոկորդիլոսի կաշիով Վերթիւ Սիկնիչըր  նախկին 19 հազար տոլարի փոխարէն` հիմա կը վաճառուի 1,500 տոլարի:

Որոշ տարբերակներ հաւաքածուներով կը վաճառուին: Օրինակ` 105 յատուկ հեռայաձններէ կազմուած հաւաքածոն կ՛արժէ 25 հազար տոլար, այսինքն իւրաքանչիւր հեռաձայնը` 250 տոլար:

 

Սփէյսէքս-ի Տրակոն Արբանեակը
3 Թոն Բեռով Հասաւ
Միջազգային Տիեզերակայան

Ամերիկեան ՍփէյսԷքս օդանաւային-տիեզերական ընկերութեան Տրակոն արբանեակը 3 թոն բեռով արձակուեցաւ  հրթիռակիրի միջոցով, Քանաւերալ Հրուանդանէն եւ հասաւ Միջազգային տիեզերակայան 16 օգոստոսին: Տիեզերակայան հասաւ 3 թոն բեռ` առաջին անհրաժեշտութեան իրեր եւ 2 թոն նիւթ` գիտական փորձերու համար:

Բացի ատկէ, տիեզերական գիտաշխատանոցը  ունեցաւ գերհզօր Hewlett Packard Enterprise (HPE) համակարգիչ, որ տիեզերքի մէջ աշխատած ամէնէն հզօր համակարգիչն է: Ըստ HPE-ի մասնագէտներուն, գերհամակարգիչը կրնայ երկվայրկեանի մը մէջ 1 թրիլիոն  գործողութիւն կատարել: Ասիկա 30-100 անգամ կը գերազանցէ սովորական համակարգիչի մը կարողութիւնները:

Տրակոն արբանեակը Միջազգային տիեզերակայանին կցուած պիտի մնայ շուրջ ամիս մը, իսկ յետոյ Երկիր պիտի վերադառնայ գիտական փորձերու արդիւնքներով եւ արդէն օգտագործուած նիւթերով:

 

Եուքոմ-ի Նոր Եւ Որակեալ
Ծառայութիւնը

Եուքոմ ընկերութիւնը Հայաստանի մէջ կը ներկայացնէ 4Ճի սմարթֆոն ունենալու նոր` աշնանային առաջարկ: Շաբաթասկիզբէն ֆլայ Նիմպաս 10 սմարթֆոնը սկսաւ վաճառուիլ առանց պարտաւորութեան, միայն 34.900 դրամով: Աւելի՛ն. անոնք, որոնք սմարթֆոն կը գնեն, 6 ամիս շարունակ անվճար կը ստանան 1ՃՊ. համացանց, նոյնպէս Եուքոմ եւ Ռուսիոյ ՄեկաՖոն ցանց` առանց սահմանափակումի հաղորդակցութիւններու կարելիութիւններ ներառող ծրարը:

«Բոլոր անոնք, որոնք կ՛ուզեն ունենալ որակեալ եւ  մատչելի սմարթֆոն եւ վայելել շրջանին մէջ  ամէնէն արագ 4Ճի + կապի կարելիութիւնները, պէտք է շտապեն Եուքոմ վաճառքի եւ սպասարկման կեդրոններ եւ օգտուին այս առաջարկէն», նշեց Եուքոմ ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն Հայկ Եսայեանը:

 

Օգտագործուած աղբիւրներ`
«Լենթա», «Նեքսթ Ուեպ», «Թերթ. Էյ. Էմ.»,
«Նիուզ. Էյ. Էմ.», «Ռիա. Ռու»

Նախորդը

Իրանահայ Սիրելի Հայորդին` Նորիկ Անջելլօ (1958-1996)

Յաջորդը

«Այդ 28 Արտավար Տարածքին (Պէյքոզի Գերեզմանատան Տարածքին) Վերաբերեալ Գործարքին Համար Կ՛ենթադրուի Շուրջ 200-250 Միլիոն Ամերիկեան Տոլարի Գին Մը»

RelatedPosts

Բռնապետներու Դէմ Պայքարած Կղերականներ
Մշակութային եւ Այլազան

Բռնապետներու Դէմ Պայքարած Կղերականներ

September 11, 2026
Քաշմիրով Գայլեր. Միլիառատէրերը  Այլեւս  Չեն Ուզեր  Մեծահարուստի  Տեսք Ունենալ
Մշակութային եւ Այլազան

Քաշմիրով Գայլեր. Միլիառատէրերը Այլեւս Չեն Ուզեր Մեծահարուստի Տեսք Ունենալ

September 4, 2026
Բուրգերը Տակաւին Առեղծուած Կը Մնան
Մշակութային եւ Այլազան

Բուրգերը Տակաւին Առեղծուած Կը Մնան

August 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.