
Պասքեթպոլի Ասիոյ ախոյեանութեան մրցաշարքի ծիրին մէջ, երէկ գիշեր տեղի ունեցաւ քառորդ աւարտականի մրցումը Լիբանանի եւ Իրանի ազգային հաւաքականներուն միջեւ: Զուքի «Նուհատ Նաուֆալ» մարզական համալիրին մէջ տեղի ունեցած մրցումը աւարտեցաւ ի նպաստ Իրանի` 80-70 արդիւնքով: