Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քոնկրեսական Տերըն Լահուտ Այցելեց Աունի, Պըրրիի Եւ Զօր. Աունի

August 15, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց ամերիկացի քոնկրեսական Տերըն Լահուտը (ծագումով լիբանանցի)` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտի եւ «Ամերիքըն թասք ֆորս ֆոր Լեպանոն»-ի տնօրէն Լեսլի Թոմայի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լահուտի ի գործ դրած ջանքերը` ի շահ Լիբանանի:

Լահուտ շեշտեց, որ ամերիկացի շարք մը քոնկրեսականներ կ՛աշխատին զօրակցութիւն ապահովել` Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը երաշխաւորելու նպատակով ահաբեկչութեան դէմ պայքարող Լիբանանին եւ լիբանանեան բանակին:

«Լիբանանեան եւ ամերիկեան բանակներուն միջեւ գործակցութեան ամուր կամք կայ, յատկապէս նկատի ունենալով, որ բանակը ահաբեկչութեան դէմ մեծ պայքար կը մղէ», ըսաւ Լահուտ:

Նախագահ Աուն ողջունեց Լահուտը` շնորհակալութիւն յայտնելով անոր Քոնկրեսին մէջ ի նպաստ Լիբանանի եւ լիբանանեան բանակին անոր ունեցած կեցուածքներուն համար:

«Լիբանան կը փափաքի Միացեալ Նահանգներուն հետ իր յարաբերութիւնները պահպանել, իսկ Միացեալ Նահանգներու մէջ Լիբանանի դեսպան Կապի Իսա այս ուղղութեամբ պիտի գործէ», ըսաւ նախագահ Աուն:

Ան շնորհակալութիւն յայտնեց ամերիկեան վարչակազմին լիբանանեան բանակին տրամադրած անոր զինուորական օժանդակութեան համար:

Այն Թինէի Մէջ

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի իր կարգին ընդունեց Լահուտը եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Զօր. Աունի Մօտ

Լահուտ այցելեց նաեւ Եարզէ, ուր ընդունուեցաւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի կողմէ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի եւ շրջանին մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկու բանակներուն միջեւ յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը:

ՆՇԵՆՔ, որ Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ դեսպան Ռիչըրտ լիբանանեան բանակին յանձնեց ամերիկեան զինուորական օժանդակութիւնը, որ ընդգրկեց «Պրետլի» տիպի 8 թնդանօթներ, ինչպէս նաեւ 10 զրահապատներ: Կը նախատեսուի, որ յառաջիկայ ամիսներուն ընթացքին «Պրետլի» տիպի մնացեալ  24 թնդանօթները եւս յանձնուին բանակին:

Նախորդը

Սարայա Ահըլ Շամի Զինեալներն Ու Մեծ Թիւով Տեղահանուածներ Ուղղուեցան Սուրիա

Յաջորդը

Ռուհանի Կը Շնորհաւորէ Նախագահ Աունը

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.