Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 7-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումներու ծիրին մէջ, երէկ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի վերջին մրցակիցն էր 1875 խումբը: Պիպլոսի դաշտին վրայ տեղի ունեցած մրցումը աւարտեցաւ 46-43 արդիւնքով ` ՀՄԸՄ-ի անարդար պարտութեամբ, որուն կերտիչները եղան օրուան իրաւարարները: Կ՛անդրադառնանք:



