Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շարմազանով. «Արցախի Հանրապետութեան Միջազգային Ճանաչումը Միայն Ժամանակի Հարց Է»

August 12, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխնախագահ Էդուարդ Շարմազանով 11 օգոստոսին ընդունած է Փորթուգալի խորհրդարանի անդամ Ռուպինա Պերարտոն: Հանդիպման ներկայ գտնուած է նաեւ Հայաստանի Ազգային ժողովի Հայաստան-Փորթուգալ բարեկամական խումբի ղեկավար Գագիկ Մելիքեան:

Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխնախագահը յոյս յայտնած է, որ յառաջիկային փորթուգալական խորհրդարանին մէջ ձեւաւորուի Փորթուգալ-Հայաստան բարեկամական խումբ: Էդուարդ Շարմազանով կարեւոր նկատած է Փորթուգալի հետ կապերուն խորացումը` Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններու զարգացման եւ երկու երկիրներուն միջեւ քաղաքական երկխօսութեան կայացման տեսանկիւնէն:

Հանդիպման ընթացքին Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխնախագահը անդրադարձած է Հայաստանի քաղաքական օրակարգի կարեւորագոյն հարցերէն մէկուն` Արցախի տագնապին` նշելով, որ Ազրպէյճանը այս հարցը կը ներկայացնէ իբրեւ տարածքային խնդիր երկու երկիրներուն միջեւ, սակայն իրականութեան մէջ ասիկա ժողովուրդներու ինքնորոշման դասական օրինակ է:

Էդուարդ Շարմազանով կոչ ուղղած է եւրոպացի գործընկերներուն` ազրպէյճանական կեղծ քարոզչութեան ու ապատեղեկատուութեան զոհը չդառնալու եւ աշխարհին ներկայացնելու իրականութիւնը:

«Արցախի ժողովուրդը, ինչպէս աշխարհի որեւէ ժողովուրդ, ազատ եւ անկախ ապրելու իրաւունք ունի: Մենք ջանք պիտի չխնայենք հասնելու Արցախի անկախութեան միջազգային ճանաչման, որուն իրականացումը միայն ժամանակի հարց է», նշած է Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխնախագահը:

Անդրադառնալով Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտման հարցին` Էդուարդ Շարմազանով ընդգծած է, որ աշխարհի բազմաթիւ երկիրներ ճանչցած են Ցեղասպանութիւնը` դատապարտելով միլիոնաւոր քրիստոնեաներու բնաջնջումը, սակայն Թուրքիան նախորդ դարու սկիզբը սկսած մշակութային ցեղասպանութիւնը կը շարունակէ մինչեւ այսօր. վերջին դէպքերը կը վերաբերին Վարագայ վանքին:

Ռուպինա Պերարտօ շնորհակալութիւն յայտնած է ընդունելութեան համար եւ նշած է, որ շատ ընդհանրութիւններ ունեցող երկու հպարտ ժողովուրդները կրնան համագործակցութեան մարզեր գտնել եւ զարգացնել կապերը մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան, տնտեսական, մշակութային եւ բազմաթիւ այլ մարզերու մէջ:

Հանդիպման աւարտին փորթուգալցի երեսփոխանը, կարեւոր նկատելով միջխորհրդարանական կապերու զարգացումը, նշած է, որ Հայաստան այցելելէ ետք յաջորդ քայլը կրնայ ըլլալ Փորթուգալի խորհրդարանին մէջ Հայաստանի հետ բարեկամական խումբի կազմութիւնը:

 

Նախորդը

Դաւիթ Իշխանեան Ընդունած Է ՀՅԴ Ֆրանսայի «Նոր Սերունդ» Եւ Հոլանտայի «Գարեգին Նժդեհ» Երիտասարդական Միութիւններու Անդամները

Յաջորդը

Տեղի Ունեցած Է Հայաստանի Հանրապետութեան Եւ Մայիսեան Հերոսամարտերու 100-ամեակին Նուիրուած Նախաձեռնութիւններու Նախապատրաստութեան Եւ Կազմակերպման Պետական Յանձնախումբի Նիստը

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.