Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պարզանի Քրտական Ինքնավար Մարզի Անկախութեան Վերաբերեալ Շրջանի Շարք Մը Երկիրներու Պատգամներ Յղեց

August 11, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հիւսիսային Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզի նախագահ Մասուտ Պարզանի մարզի անկախութեան շուրջ հանրաքուէին վերաբերեալ Պաղտատին պատգամ մը յղելով յայտնեց. «Եթէ գործընկերներ ըլլալու առումով ձախողեցանք, ապա թող որ լաւ դրացիներ ըլլանք»:

«Կը կարծեմ, որ Թուրքիան քիւրտ ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի սկզբունքին կիրարկումով Իրաքէն անկախութեան շուրջ հանրաքուէի սկզբունքին դէմ չէ», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ Քիւրտիստանի եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւնները հոյակապ են: «Առեւտրական ու տնտեսական յարաբերութիւնները մեզ կը միացնեն, եւ անոնք կը գիտակցին մարզին իրենց համար ներկայացուցած կարեւորութեան: Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ լաւ յարաբերութիւններ ունինք», նշեց Պարզանի: Ան խօսքը Անգարային ուղղելով ըսաւ. «Քիւրտիստանը ձեր լաւ եւ երախտագէտ դրացին է»:

Նշենք, որ Թուրքիոյ ուժանիւթի նախարար Պերաթ Այլպայրաք երէկ յայտարարեց. «Իրաքի Քիւրտիստան մարզի իշխանութիւններուն անկախութեան շուրջ հանրաքուէ կատարելու որոշումը պիտի վնասէ մեզի հետ գործակցութեան»:

Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզի նախագահը նշեց. «Մենք կը յարգենք սուրիացի ժողովուրդին ընտրանքները, եւ մեր միջեւ տարակարծութիւններ գոյութիւն չունին»: «Սէուտական Արաբիոյ ժողովուրդին, կառավարութեան, թագաւորին, մեր եղբայրներուն ու բարեկամներուն հետ ամուր յարաբերութիւններ ունինք», ըսաւ ան:

«Երբեք պիտի չմոռնանք Իրանի կեցուածքը այն օրերուն, երբ ՏԱՀԵՇ խմբաւորման զինեալները ներխուժեցին Քիւրտիստան: Անոնք (իրանցիները, «Ա.») առաջիններն էին, որոնք մեզի գործնականապէս օժանդակեցին եւ մեր կողքին կանգնեցան», ընդգծեց Պարզանի: Ինչ կը վերաբերի Եգիպտոսի, ապա ան յայտնեց. «Գահիրէի հետ մեր յարաբերութիւնները պատմական են»:

Պաղտատի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Ալա Մուսա, անդրադառնալով քրտական ինքնավար մարզի անկախութեան շուրջ հանրաքուէի հարցին, ընդգծեց. «Մենք կը մերժենք միակողմանի որեւէ քայլ, որ կը վնասէ Իրաքի միութեան»:

Նախորդը

Մաքսանենգները Եմէնի Ափերուն Մօտ Ծով Նետած Են 180 Գաղթականներ

Յաջորդը

Փենթակոն Հիւսիսային Քորէայի Հրթիռարձակման Կեդրոններուն Դէմ Կանխարգելիչ Հարուածի Ծրագիր Պատրաստած Է

RelatedPosts

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
Ըստ Թրքական Կառավարական Աղբիւրի Մը.  Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Միջեւ Բանակցութիւններու  Պոլսոյ Մէջ Շարունակումը Կարելի Է Եւ Յարմար
Միջազգային

Ըստ Թրքական Կառավարական Աղբիւրի Մը. Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Միջեւ Բանակցութիւններու Պոլսոյ Մէջ Շարունակումը Կարելի Է Եւ Յարմար

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.