Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը Կը Հերքէ Ազրպէյճանի Ապատեղեկատուութիւնը

August 9, 2017
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը Ազրպէյճանի զինուորական-քաղաքական ղեկավարութեան կոչ ուղղեց զերծ մնալու նոր արկածախնդրութիւններէն, ինչպէս նաեւ նախազգուշացուց, որ որեւէ սադրանքի պարագային հայկական կողմը պիտի դիմէ պատասխան կոշտ գործողութիւններու: Այս մասին նշուած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ:

«Երէկ երեկոյեան ազրպէյճանական լրատուամիջոցները տեղեկութիւն տարածած էին, թէ հայկական զինուած ուժերու ստորաբաժանումները կրակած են ազրպէյճանական Գարալար գիւղին ուղղութեամբ, որուն պատճառով վիրաւորուած է 13-ամեայ երեխայ մը:

Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կտրականապէս կը հերքէ վերը նշուած տեղեկութիւնը եւ կը յայտարարէ, որ երէկ երեկոյեան եւ անցեալ գիշերուան ընթացքին հայկական զինուած ուժերը, հայ-ազրպէյճանական սահմանի ամբողջ երկայնքին, որեւէ զինատեսակէ չեն կրակած: Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը անգամ մը եւս կը յիշեցնէ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերը երբեք եւ որեւէ պարագայի նշանառութեան տակ չեն առներ խաղաղ բնակավայրերը:

Ազրպէյճանական քարոզչամեքենային կեղծիքը ի յայտ կու գայ նոյնիսկ իրենց տարածած լուսանկարներուն մէջ, ուր պարզօրէն կ՛երեւի, որ երեխային վէրքերը ակնյայտօրէն հին են եւ որեւէ կապ չեն կրնար ունենալ իբրեւ թէ 7 օգոստոսին ստացած բեկորային վնասուածքներուն հետ:

Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը Ազրպէյճանի զինուորական-քաղաքական ղեկավարութեան կոչ կ՛ուղղէ զերծ մնալու նոր արկածախնդրութիւններէն, ինչպէս նաեւ կը նախազգուշացնէ, որ որեւէ սադրանքի պարագային հայկական կողմը պիտի դիմէ պատասխան կոշտ գործողութիւններու»:

Նախորդը

Թրքական Իշխանութիւնները Գրաւած Են Սեւան Նշանեանի Դրամատնային Միջոցները

Յաջորդը

Պասքեթպոլ. Հայաստանի Տղոց Հաւաքականը Հասաւ Սարայեւօ

RelatedPosts

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունեց Հնդկաստանի Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարը
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունեց Հնդկաստանի Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարը

February 3, 2026
«Մինչեւ Հայաստանի Մէջ Յունիսին Նախատեսուած Ընտրութիւնները, Մենք Կրնանք Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել»  Կ՛ըսէ Հասանկիւլիեւ
Գլխաւոր լուրեր

«Մինչեւ Հայաստանի Մէջ Յունիսին Նախատեսուած Ընտրութիւնները, Մենք Կրնանք Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել» Կ՛ըսէ Հասանկիւլիեւ

February 3, 2026
Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.