Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աուն Կը Նախագահէ Ապահովութեան Գերագոյն Խորհուրդի Նիստին, Իսկ Պասիլ Ռաս Պաալպեքէն Զօրակցութիւն Կը Յայտնէ Բանակին

August 8, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն այսօր կէսօրէ առաջ Պաապտայի մէջ պիտի նախագահէ Ապահովութեան գերագոյն խորհուրդի նիստին, որուն ընթացքին պիտի քննարկուի երկրին ապահովական կացութիւնը:

Միւս կողմէ, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ Ռաս Պաալպեքի Մար Էլիան եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդի արտակարգ նիստին, որուն նպատակն էր զօրակցիլ լիբանանեան բանակին:

«Այսօր մենք Ռաս Պաալպեք կը գտնուինք` զօրակցելու համար բանակին, որուն իրաւունքն է ճշդել ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու ճակատամարտին ժամկէտը», ըսաւ Պասիլ, նախագահելէ ետք Ազգային ազատ հոսանքի քաղաքական խորհուրդի նիստին:

Պասիլ շեշտեց, որ իրենք կը գտնուին Լիբանանի գերիշխանութեան որոշումը վերահաստատելու սեմին: «Նախքան յաղթանակի տօնակատարութիւնը, պիտի տօնենք լիբանանեան պետութենէն բացակայող որոշումը վերստանձնելու իրականութիւնը` աւելցնելով, որ ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ լիբանանեան հողերու բռնագրաւումին ընթացքին Ազգային ազատ հոսանքի նախարարները կառավարութենէն պահանջած են ազատագրել այդ հողերը: Օրին որոշումը տրուեցաւ, սակայն ան չգործադրուեցաւ` ներքին լիբանանեան որոշումով եւ միջազգային ու շրջանային հովանաւորութեամբ: Արտօնութիւն տրուեցաւ, որ Լիբանանի հողը մնայ բռնագրաւուած, եւ սուրիացի տեղահանուածները մուտք գործեն Լիբանան: Օրին ահաբեկիչները ներխուժեցին Հերմել, սակայն Հերմելի մէջ բնակիչները եւ Դիմադրութիւնը դէմ դրին այդ ներխուժումին ու ազատագրեցին բռնագրաւուած հողերուն մէկ տոկոսը` պաշտպանելով ամբողջ Լիբանանը», ըսաւ Պասիլ:

Ան նշեց, որ Լիբանան ունի հանրապետութեան հզօր նախագահ մը, բանակի քաջ հրամանատար մը եւ ուժեղ կառավարութիւն, որոնք որոշած են պաշտպանել եւ ազատագրել Լիբանանը:

«Լիբանանի արեւելեան բարձունքներու ազատագրումը հարիւր առ հարիւր լիբանանեան պաշտօնական որոշում մըն է, իսկ բանակին նկատմամբ լիբանանցիներուն զօրակցութիւնը աննախընթաց է, եւ երկիր մը հզօր կը նկատուի, երբ անոր բանակն ու ժողովուրդը զիրար ամբողջացնեն», շեշտեց Պասիլ:

Ան հաստատեց, որ բանակը կ՛որոշէ իր քայլերը եւ ան ոչ ոքի կարիք ունի, «ընդհակառակն, բանակը ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ իրագործելու իր նպատակները իր հայեցողութեամբ յարմար նկատուած պահուն եւ պահպանելով լիբանանցի քաղաքայիններուն ու բանակայիններուն անվտանգութիւնը», եզրափակեց ան:

Այս առիթով երեսփոխան Զիատ Ասուատ զօրակցութիւն յայտնեց Ռաս Պաալպեքի բնակիչներուն` շեշտելով, որ իրենք պիտի դիմադրեն, Լիբանանը պաշտպանեն, յաղթեն ու գոյատեւեն:

Երեսփոխան Ամալ Ապու Զէյտ իր կարգին կատարեալ զօրակցութիւն յայտնեց լիբանանեան հերոս բանակին:

Երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիա դիտել տուաւ, որ իրենք նեցուկ կը կանգնին բոլոր անոնց, որոնք ահաբեկչութիւնը եւ ՏԱՀԵՇ-ը Լիբանանէն դուրս պիտի շպրտեն:

Նախկին երեսփոխան Սելիմ Աուն նշեց, որ Ռաս Պաալպեքը Լիբանանի սիրտն է, եւ ժամանակը հասած է հոն բոյն դրած ահաբեկչութեան վերջ տալու:

Ապա Պասիլ այցելեց Քաայի Մար Էլիաս եկեղեցին, ուր ան փափաք յայտնեց տօնելու Լիբանանը ազատագրելու իմաստով տրուելիք լիբանանեան իշխանութիւններուն արտակարգ որոշումը:

Պասիլ նշեց, որ Լիբանան կը գտնուի ցաւ եւ նահատակներ ունենալու սեմին, սակայն ամբողջ Լիբանանը պիտի զօրակցի Քաային եւ անոր բնակչութեան` տապալելու համար հաւատադրժողական ահաբեկչութիւնը, որ մուտք գործեց Լիբանան:

Ան յայտնեց, որ իր հողերը ազատագրելու առումով Լիբանան ոչ ոքէ արտօնութիւն կը պահանջէ, եւ ոչ ոք կրնայ արգիլել զայն նման որոշումէ ու ճակատամարտէ մը: «Այսօր Լիբանան ամբողջ աշխարհին անունով կը յաղթէ ահաբեկչութեան», շեշտեց Պասիլ:

Վերջին Ժամ

Լիբանանեան բանակի հրամանատարութեան տեղեկատուական բաժանմունքը երէկ երեկոյեան հաղորդեց, որ Քաա գիւղաքաղաքին ծայրամասերը թիրախ դարձած են 8 հրթիռներով ռմբակոծման` գիւղաքաղաքին բարձունքներուն վրայ գտնուող ահաբեկչական խմբաւորումներուն դիրքերէն: Իբրեւ հակազդեցութիւն, բանակի զօրամասերը բազմափող հրթիռային համակարգերով եւ թնդանօթներով բուռն ռմբակոծումի ենթարկած է ՏԱՀԵՇ խմբաւորումին դիրքերը:

Նախորդը

«Լիբանանեան Ազգային Միասնականութիւնը Պահպանեց Լիբանանը Եւ Բարձրացուց Ահաբեկչութեան Դիմադրելու Անոր Կարողութիւնները» Շեշտեց Նախագահ Աուն

Յաջորդը

Վանի Վարագավանքին Քարերը Կ՛օգտագործուին Մզկիթի Շինութեան

RelatedPosts

Լիբանանեան Նախարարական  Պատուիրակութիւն Մը  Դամասկոս Այցելեց
Լիբանանեան

Լիբանանեան Նախարարական Պատուիրակութիւն Մը Դամասկոս Այցելեց

November 3, 2026
Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Սկսաւ  Իրենց Վճարումները Չկատարած Պետական  Հաստատութիւններու Ելեկտրականութեան  Մատակարարումը Ընդհատել
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Սկսաւ Իրենց Վճարումները Չկատարած Պետական Հաստատութիւններու Ելեկտրականութեան Մատակարարումը Ընդհատել

November 3, 2026
Ժողովրդավարական Հանդիպում  Եւ Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքներու Միջեւ Խորհրդակցական Հանդիպում
Լիբանանեան

Ժողովրդավարական Հանդիպում Եւ Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքներու Միջեւ Խորհրդակցական Հանդիպում

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.