ՀՈՒՍԱՄԵՏՏԻՆ Հարիրիի անուան պասքեթպոլի միջազգային մրցաշարքի կազմակերպիչ յանձնախումբի տնօրէն Նիզար Ռաուաս յայտնեց, որ այս տարի մրցաշարքը նախորդ տարիներէն աւելի կանուխ պիտի սկսի, այսինքն` 5 սեպտեմբերին:
Ցարդ անոր իրենց մասնակցելու հաւանութիւն տուած են տիտղոսակիր ՀՄԸՄ, Լիբանանի ախոյեան Ռիատի, Շերքասի (Ուքրանիա), ԱԷՔ Լառնաքա (Կիպրոս), յունական այլ խումբ մը եւս, Քարըխ (Իրաք), Սփորթինկ (Եգիպտոս), Մուժամաա Փեթրոլի (Ալճերիա):
Ռաուաս ըսաւ, որ Սաժեսէն կը սպասէ վերջնական պատասխան մը` առաւելագոյնը մինչեւ յառաջիկայ երկուշաբթի օր:
ԱԽԱ ԱՀԼԻ ԱԼԷՅԻ կողմէ կատարուող բանակցութիւնները` խումբին վերամիացնելու համար բերդապահ Ռապիհ Քախին (Նըժմէէն), գրեթէ աւարտած կը թուին ըլլալ` նկատի ունենալով, որ անոր ակումբը բաւական մեծ գումար կը պահանջէ:
Վերջերս Նըժմէ իր կազմին միացուց միջազգային բերդապահ Ապպաս Հասանը` անոր փոխանցման համար տարեկան 150 հազար ամերիկեան տոլար վճարելով:
ՍԱԼԱՄ ԶՂԱՐԹԱ յայտարարեց, որ իր կազմին մէջ պիտի պահէ Էտմոն Շահատէն, հակառակ անոր որ ան առաջարկ սը ստացաւ Օլիմփիք Խըրիպքա ֆութպոլի ակումբէն (Մարոք, Ա. դասակարգ), որ պատրաստ էր անոր համար վճարելու տարեկան 50 հազար ամերիկեան տոլար:
Սալամ Զղարթա որոշեց այդ ակումբին վճարելիք գումարը` ամսական 1000 ամերիկեան տոլար, ինք վճարել իր ֆութպոլիստին:
ԱՍԻԱ-2017-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան մասնակցող խումբերէն Աւստրալիա հանդիսացաւ առաջին խումբը, որ երէկ հասաւ Լիբանան:
Այսօր Պէյրութ կը ժամանէ Թայփէ, իսկ վաղը` Չինաստան: Կիրակի օր կ՛ամբողջանան Լիբանան հասնող բոլոր խումբերը:
Իսկ ինչ կը վերաբերի պանդոկներուն, անոնք բաժնուած պիտի ըլլան երեք տեսակի` հետեւեալ ձեւով. առաջինին մէջ պիտի իջեւանին մասնակցող երկիրներուն ազգային խումբերուն մարզիկները, երկրորդին մէջ` թեքնիք յանձնախումբերուն անդամներն ու իրաւարարները, իսկ երրորդին մէջ` միջազգային եւ Ասիոյ պասքեթպոլի ֆետերասիոններուն պատասխանատուները:


