Թուրքիոյ ընդդիմադիր քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան հայազգի երեսփոխան Կարօ Փայլան քննադատած է տարիներ առաջ աւերուած եւ պղծուած հայկական գերեզմանատան տարածքին մէջ հասարակական լուացարան կառուցելու` Վանի նահանգի Արտամետ շրջանի քաղաքապետարանի որոշումը: Այս մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես», կը յայտնէ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան կայքը:
Յիշեցնելով, որ Արտամետի շրջանը հայկական եւ ուրարտական պատմական յուշարձաններ պարունակող վայր է, Կարօ Փայլան ըսած է. «Նախ պէտք է նշել, որ երեք հազար տարուան պատմութիւն ունեցող ուրարտական քաղաքակրթութեան հետքերը կրող Տիլքայա բլուրը տարածք մըն է, որ իբրեւ առաջին աստիճանի տարածք պատմական եւ մշակութային տեսանկիւնէն պէտք է լաւ պաշտպանուած ըլլայ: Միեւնոյն ժամանակ այս վայրը եղած է Խորգոմ գիւղի տարածքը, որ 100 տարի առաջ շատ խիտ հայկական բնակչութիւն ունեցած է: Այստեղ կայ մենաստան, գերեզմանատուն, ինչ որ հոգեւոր եւ պատմական տեսանկիւնէն շատ կարեւոր ժառանգութիւն է»:
Փայլան ցաւով նշած է, որ եթէ հաշուի առնենք թրքական պետութեան փոքրամասնութիւններու պատմամշակութային եւ հոգեւոր արժէքները պղծելու եւ ոչնչացնելու հետեւողական քաղաքականութիւնը, ապա այս դէպքը նոյնպէս զարմանալի չէ:
«Եթէ հաշուի առնենք թրքական պետութեան կողմէ ազգային փոքրամասնութիւններուն նկատմամբ գործադրուող խտրական քաղաքականութիւնը, ապա քաղաքային իշխանութիւններու այս անպատասխանատու քայլը, ցաւօք, զարմանալի չէ: Աւելի քան 100 տարիէ ի վեր, ազգային փոքրամասնութիւններուն պատկանող մշակութային եւ պատմական կառոյցները գրաւելով, կա՛մ օգտագործուած են այլ նպատակներով, կա՛մ ալ ոչնչացուած են: Այդ պատճառով Թուրքիոյ մէջ հին եկեղեցի մը կամ ոչ իսլամ համայնքներուն պատկանող հին դպրոց, մշակութային կեդրոն եւ թատրոն չէ մնացած, որ ենթակայ ըլլայ օգտագործման… Այս երկրին մէջ հարիւր տարի փորձած են ոչնչացնել այս տարածքին մէջ բնակած հայ ժողովուրդի ժառանգութիւնը, իսկ հիմա ալ 100 տարի հողին տակ գտնուող հայ ազգի որդիներուն գերեզմանները հանգիստ չեն ձգեր», քննադատելով լողափին մօտ գտնուող հայկական գերեզմանատան տարածքին հասարակական լուացարան կառուցելու Արտամետի քաղաքապետարանի որոշումը` աւելցուցած է Փայլան:
Վանի նահանգի Արտամետի շրջանի տեղական ինքնակառավարման մարմինները Տիլքայա գիւղին մէջ գտնուող հանրային լողափներէն մէկուն մօտակայքը, ուր հայկական գերեզմանատուն եղած է, լուացարան կառուցած են:



