Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գործակցաբար Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան Եւ Մակ-Ի Բնակավայրերու Ծրագիրին. Բացում` Նապաայի Հանրային Պարտէզին

August 4, 2017
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Գործակցաբար ՄԱԿ-ի բնակավայրերու ծրագիրին եւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան, երէկ` հինգշաբթի, 3 օգոստոս 2017-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Պուրճ Համուտի Նապաա շրջանին մէջ բացումը կատարուեցաւ Նապաայի հանրային պարտէզին` ներկայութեամբ Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի, ՄԱԿ-ի բնակավայրերու ծրագիրի տնօրէն Թարեք Օսէյրանի, քաղաքացիական ընկերութեան կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու, Պուրճ Համուտի քաղաքապետական խորհուրդի անդամներու եւ շրջանի հայ թէ ոչ հայ բնակիչներու խուռներամ բազմութեան:

Ձեռնարկին բացումը կատարուեցաւ հանրային պարտէզի մուտքին երիզի հատումով, որմէ ետք Պուրճ Համուտի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Ճորճ Գրիգորեան ողջունեց ներկաները եւ անդրադարձաւ ձեռնարկի շարժառիթին ու նպատակին:

Արաբերէնով արտասանած իր խօսքին մէջ Գրիգորեան յայտնեց, որ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանը լծուած է ամբողջ Պուրճ Համուտի բարեզարդման ու բարելաւման աշխատանքին` գործակցաբար ՄԱԿ-ի բնակավայրերու ծրագիրին, Նորվեկիոյ դեսպանատան եւ Լիբանանի մէջ Բարգաւաճման եւ գործակցութեան իտալական գործակալութեան:

Գրիգորեան նշեց, որ Նապաայի հանրային պարտէզին բացումը մաս կը կազմէ Պուրճ Համուտի բարեզարդման ընդհանուր ծրագիրին, որ կ՛ընդգրկէ արեւու ճառագայթով թաղերու լուսաւորում եւ յարակից այլ քայլեր: Գործակցաբար վերոնշեալ կառոյցներուն հետ, ցարդ իրագործուած են Նոր Մարաշ թաղամասի նորոգման աշխատանքները, ժողովրդային բնակարաններու հանրային պարտէզի նորոգութիւնը եւ ենթակառուցային այլ կենսական քայլեր:

Ճորճ Գրիգորեան խիստ բարձր գնահատեց եւ կարեւոր նկատեց ՄԱԿ-ի պատկան մարմիններուն եւ դեսպանատուներուն հետ գործակցութեան Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի քայլերը, որոնք կը միտին բարելաւել շրջանի բնակութեան պայմաններն ու կենսամակարդակը:

Այս առիթով խօսք առաւ նաեւ ՄԱԿ-ի բնակավայրերու ծրագիրի տնօրէն Թարեք Օսէյրան, որ յայտնեց, թէ աւելի քան տարիէ մը ի վեր ՄԱԿ-ի բնակավայրերու ծրագիրը կը գործակցի Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան հետ` «քաղաքի ու մերձակայքի բարեզարդման ծրագիր»-ի ծիրին մէջ, եւ այս գծով ցարդ իրագործուած են կարգ մը կենսական նախաձեռնութիւններ, ինչպէս` կարգ մը թաղամասերու եւ խաղավայրի նորոգութիւն:

Թարեք Օսէյրան իր կարգին դրուատեց Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան ճիգերը: Վերջինիս հետ գործակցութեամբ այս ծրագիրի քայլերը տակաւին կ՛ընդգրկեն արեւու ճառագայթներու օգտագործումով լուսաւորման աշխատանքներ եւ առհասարակ Պուրճ Համուտի բնակութեան կենսամակարդակը բարձրացնող ու անոր ենթակառոյցի բարգաւաճման նպաստող քայլեր:

Օսէյրան շնորհակալութիւն յայտնեց լիբանանեան իշխանութեան` յանձինս Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան, եւ ծրագիրի ֆինանսաւորման հովանաւորներուն` Իտալիոյ, Նորվեկիոյ եւ Հոլանտայի դեսպանատուներուն:

Օսէյրան վերահաստատեց ՄԱԿ-ի առնչակից մարմիններու պատրաստակամութիւնը` շրջանի բարգաւաճման ծրագիրներու իրագործման նպաստելու` շեշտելով յարակից կառոյցներու հետ գործակցութեան կարեւորութիւնը:

Նշենք, որ այս առիթով ներկայացուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, խանդավառ մթնոլորտ ստեղծուեցաւ երաժշտութեամբ, խամաճիկներու խաղերով եւ այլ միջոցներով:

 

 

Նախորդը

Ազգայնականութենէն Անդին. Գործուն Հայրենասիրութեան Դերը Պետականութեան 100-ամեակի Նախօրէին

Յաջորդը

Ազգային Ինքնութեան Ամրապնդման Ֆոնտ 34 Դիմումի Ընդառաջում Յուլիսին Եռամսեայ Հաշուեկշիռ` 79 Պարագայ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.