Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ՍԻՓԱՆ» ՊԱՐԱԽՈՒՄԲ` ԻՆՉԻ՞Ս ՊԷ՛ՏՔ

March 21, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Տարիներ ի վեր քաջալերած եմ հայ մշակոյթը` ներկայ գտնուելով երիտասարդ հայ արուեստագէտներու եւ խումբերու ձեռնարկներուն, ինչպէս` պարախումբերու ելոյթները, հայ նկարիչներու ցուցահանդէսները, թատրոնի ներկայացումները եւ հայրենիքէն ժամանած փայլուն երաժիշտներու ու երգիչ-երգչուհիներու ներկայացումները:

Այս տարի եւս մարտ ամսուան առաջին շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան վարժարանի «Սիփան» պարախումբին ելոյթը, որ շատ բարձր գնահատանքի եւ ներկաներուն ճոխ ծափահարութեան արժանացաւ: Հանդիսատեսները զարմացած, հպարտութեամբ արտայայտուեցան` աշակերտական բնոյթ ունեցող այս ձեռնարկին որակաւոր աշխատանքին մասին: Իսկապէս պատուաւոր ելոյթ մըն էր, որ զուարճութեամբ լեցուց մեր բոլորին սրտերը, բայց ինչի՞ս պէ՛տք:

Նախ հետեւեալ վերլուծականը:

Աշխատելով ոչ հայ հաստատութեան մը մէջ, շաղուելով Լիբանանի լայնածաւալ ընկերային խմբակներու հետ եւ հետեւելով երկրիս լաւ ու տգեղ արուեստի գործունէութիւններուն, տակաւին հայ արուեստը, իր ներկայ ապրած ցաւերուն հետ, կը յուզէ զիս: Մեծապէս կը հպարտանամ, երբ կը նկատեմ, որ հայը տակաւին պահած է իր դրական պատկերը Լիբանանի տարածքին վրայ` իբրեւ ջանասէր գործիչ եւ ճաշակաւոր քաղաքացի մը: Զարմանքով է, որ պաղեստինցի բարեկամներ ինծի կ՛արտայայտուին` ըսելով, թէ ինչպէ՛ս հայեր կայծակի արագութեամբ կարողացան իրենց վատ վիճակներէն դուրս գալ եւ դրական ներդրում ունենալ երկրին տարբեր աշխատանքի խաւերուն մէջ: Նոյն չափով, պէտք է յիշեմ, որ այսօր հայկական խոհանոցը նախասիրուած խոհանոցներէն մէկն է Լիբանանի մէջ.  Լիբանանի բարձր դասակարգի պաշտօնեաներ, Եւրոպայէն եւ Միացեալ Նահանգներէն ժամանած օտարներ եւ աշխարհահռչակ եւ հանրածանօթ երգիչներ անպայման կ՛այցելեն «Մայրիկ», «Վարուժ», «Սեզա» եւ կամ «Աբօ» ճաշարանները:

Ուրեմն կարեւոր եւ էական է, որ մեր մշակոյթի արուեստի արժէքը ու մակարդակը վառ պահենք: Համաշխարհայնացումի հոսանքին դիմաց, հայկական ձեռնարկներուն հանդէպ ծրագրուած եւ իմաստուն աշխատանք կատարուի` մեր մշակոյթը ներկայացնելու օտարին: Այսօրուան հայը կեթոներու մէջ չ՛ապրիր, այլ ունի լայնախոհ մտայնութիւն: Հարկ է, որ ելոյթներու հրաւիրելու առիթները օգտագործենք, որպէսզի լիբանանցի հայրենակիցներ եւ Լիբանան այցելող օտարներ ծանօթանան եւ ճաշակեն հայ արուեստը եւ իրենց երկիրը վերադառնալով` արտայայտուին հայ մշակոյթի բարձր մակարդակի իրագործումներու մասին:

Տեղեակ ըլլալով, որ շատ ախտերէ կը տառապի մեր մշակոյթի միութիւնները, որոշեցի ուղղակիօրէն ներդրում ունենալ հայ արուեստի աշխարհին մէջ «Սիփան» պարախումբին մէկ անդամը դառնալով, որպէսզի հայ արուեստը քաջալերեմ եւ նեցուկ կանգնիմ իմ վարժարանիս գործունէութիւններուն: Աշակերտական բնոյթ ունենալով` ութսուն հոգինոց խումբով բեմ բարձրանալը իսկապէս ծանր աշխատանքի եւ նուիրումի կարօտ էր: Այո՛, այս խումբի աշակերտներուն մեծ մասը արհեստավարժ պարող չէ, եւ անոնց ծնողները նիւթական կարիքը չունին, որպէսզի արուեստի դպրոցի մը թոշակը վճարեն, բայց եւ այնպէս, գիտնալով ներկայ կեանքի դժուարութիւնները, հայ դպրոցին հսկայ նիւթական նեղութիւնները եւ համաշխարհայնացման հմայքները, այս դպրոցը կ՛ուզէ իր աշակերտներուն հոգիներուն մէջ փոքր հասակէն հայ մշակոյթին հանդէպ սէր մշակել ու դրոշմել: Խիստ կարեւոր է, որ փոքրերը տեսնեն երիտասարդ տղաք եւ աղջիկներ, որոնք պատրաստ են իրենց զբաղ ժամանակէն տրամադրել հայ մշակոյթի բարգաւաճման, որովհետեւ կը սիրեն հայ արուեստը, որ իրենց կեանքին մէջ առաջնահերթ տեղ կը գրաւէ: Այսօր Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան «Սիփան» պարախումբը, Գարինա Ալեքսանդրեանի խոհեմ առաջնորդութեամբ, կ՛ապրի իր ոսկեդարը, որ ծնունդ առած էր տարիներ առաջ միայն քանի մը անդամներով եւ ահաւասիկ այսօր ունի ութսունէ աւելի անդամներ:

Ինչի՞ս են պէ՛տք այսպիսի աշակերտական ձեռնարկներ: Պատասխանը միշտ ալ պարզ եղած է. մարդ կը հնձէ այն, ինչ որ կը ցանէ: Ուրեմն ցանենք մեր նոր սերունդին մէջ հայ մշակոյթին հանդէպ տաքուկ սէրը, քաջալերենք եւ առաջնորդենք մեր գաղութի նորափթիթ տաղանդները եւ պատրաստ ըլլանք ջահը փոխանցելու ապագայի փայլուն հայ արուեստագէտներուն:

ՄանօՉիլ

Նախորդը

ՄԱՐ ՊՇԱՐԱ ՊՈՒԹՐՈՍ ՌԱՅԻ` 77-ՐԴ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ

Յաջորդը

ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ ՈՒ ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ԴԻՊՈՒԿԱՀԱՐՆԵՐԸ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Բարոյական Ուժը

November 21, 2026
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը-Ձեր Աշխարհը. Հնաբոյր Եւ Փոշոտած Քաղաքական Համակարգի Մը Դէմ Յանդիման (Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակ)

November 21, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Լիբանանի Անկախութիւնը. Տօնակատարութիւններ Եւ Իրականութիւն

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.