Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԱՌԱՋԻՆ ԱՆԳԱՄ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ… «ԶԱԶԱ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԸ, ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ, ԼԵԶՈՒ, ՄՇԱԿՈՅԹ, ԻՆՔՆՈՒԹԻՒՆ» ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ (28-30 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2011Թ.)

October 26, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իր հիմնադրութեան 15-րդ տարեդարձի տօնակատարութեան ծիրին մէջ, «Իրան եւ Կովկասը» ամսագիրը, որ կը խմբագրուի Գառնիկ Ասատրեանի կողմէ ու կը հրատարակուի «Brill, academic publishers»ի կողմէ (Լէյտըն, Պոսթըն), համագործակցութեամբ «Մոտուս Վիվենտի» կեդրոնի ու «Իրանեան ուսումնասիրութիւններու կովկասեան կեդրոն»ի, «Թուրքիոյ ուսումնասիրութեան միջազգային ընկերակցութեան», «Իրան եւ Կովկաս (ISSTIC)»ի եւ «Արմագադ»ի (ARMACAD), հայոց մայրաքաղաքին մէջ տեղի պիտի ունենայ միջազգային գիտաժողով` զազա ժողովուրդին մասին, որ ինչպէս 1915-ի Մեծ եղեռնի օրերուն, այնպէս ալ 1938 թ.ի զազա ժողովուրդի ցեղասպանութեան մութ տարիներուն` հազարաւոր հայ որբեր փրկեց ի սպառ բնաջնջումէ` շնորհիւ Շէյխ Սայիտի եւ իր զինակիցներուն մարդասէր ջանքերուն: Զազաները նաեւ, որոնք հազարամեակ մը արդէն կ՛ապրին Արեւմտեան Հայաստանի Տերսիմ չքնաղ աշխարհին մէջ, եղան հայ դարաւոր մշակոյթի բեկորներու պահպանողն ու փրկիչը, ինչպէս երաժիշտ ու երգահան Միքայէլ Ասլան, Ճեմիլ Քոչքիրի, Զաֆեր Քիւչիւք անցեալ տարիներուն մեզի փոխանցեցին «Փեթակ» ալպոմը, փաստօրէն շարունակելով անմահն Կոմիտասի գործը` հայ ազգագրական հնագոյն մշակոյթի գոհարները փրկելով, որոնք կ՛երգուին նաեւ զազա լեզուով:

Գիտաժողովը նուիրուած է նաեւ զազա ուսումնասիրութեանց հռչակաւոր գիտնական` Ֆ. Ս. Անդրէասեանին եւ կը հիւրընկալէ աւելի քան 30 ականաւոր զազա, Ակնէն հայ, օտար դէմքեր ու պատմաբան ազգագրագէտներ` Թուրքիայէն, Քանատայէն, Գերմանիայէն, Աւստրիայէն, Աւստրալիայէն, Հայաստանէն: Գիտաժողովը պիտի անցնի ակադեմական բարձր մակարդակով, հեռու` ամբոխավարութենէ, որպէսզի միջազգային գիտական շրջանակներն ու զանգուածային լրատուութեան միջոցները մօտիկէն ծանօթանան զազա ժողովուրդի մշակոյթին, լեզուին, ինքնութեան: Գիտաժողովին նեցուկ կը կանգնի «Հիւքսոս» հիմնադրամը եւ սփիւռքահայ բարերար Հրաչ Գաբրիէլեանը (Գերմանիա):

Մաղթենք, որ այս պատմական իրադարձութիւնը նոր էջ կը մնայ զազա թէ գզըլպաշ ժողովուրդներու հայասէր քաղաքականութեան մէջ` իբրեւ նոյն հողն ու հայրենիքը, իբրեւ «հօրենական տուն» կիսող ազգակից ու բախտակից ազգեր:

 

ՀԱՄՕ ՄՈՍԿՈՖԵԱՆ

Պէյրութ-Երեւան

Նախորդը

ԱՄԵՆԱՏԽՈՒՐ ԹԱՆԳԱՐԱՆԸ

Յաջորդը

ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ԱՐԴԻՒՆՔԸ ԵԽԽՎ ԲԱՆԱՁԵՒՆ ԷՐ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅ Դաշնակցութիւնը` Պատնէշին Վրայ, Աւելի Քան Երբեք

November 25, 2026
Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Տոքթ. Բաբգէն Փափազեանի Արխիւէն. Դաշնակցական Ընկերոջ Օրինակը Ընկեր Մ. Պարոնեան

November 25, 2026
Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի.  Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը
Անդրադարձ

Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը` Հաստատութենական Հեռանկարով

November 25, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։