Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

July 28, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՓՈԽՎԱՐՉԱՊԵՏ, առողջապահութեան նախարար Ղասսան Հասպանի շեշտեց, որ լիբանանեան բանակը պատրաստ է պատերազմ յայտարարելու` ահաբեկիչները երկրին սահմաններէն հեռացնելու նպատակով:

ԻԲՐԵՒ բողոք աշխատավարձի յաւելումներուն դէմ, Նահատակաց հրապարակին վրայ հացադուլ յայտարարած հանգստեան կոչուած բանակային, գնդապետ-զօրավար Սամի Ռմայհ երէկ փոխադրուեցաւ հիւանդանոց:

ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԻ նախարար Թարեք Խաթիպ յայտնեց, որ կենսոլորտի նախարարութիւնը անտառներու հրկիզման հարցին առումով ազգային ռազմավարութիւն պատրաստած է:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ուաէլ Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ յարաբերութիւնը կը գտնուի բարելաւման սեմին:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Սիկրիտ Քաակը, որուն հետ քննարկեց երկիրը յուզող իրադարձութիւնները:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Տիմանի մէջ ընդունեց փտածութեան դէմ պայքարի պետական նախարար Նիքոլա Թուէյնին, որուն հետ քննարկեց աշխատավարձի յաւելումներուն վերաբերող հարցեր:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Հիւկօ Շորթըրը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող հարցերը, յատկապէս Արսալի բարձունքներուն վրայ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Անթուան Զահրա շեշտեց, որ Հըզպալլայի զինուած ըլլալու իրականութիւնը Լիբանանի մէջ քաղաքացիական նոր պատերազմի մը բռնկումը առկայ կը դարձնէ:

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը Մազարեհ Շեպաայի վերեւ գործեց թռիչքներ եւ կեղծ յարձակումներ:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ շեշտեց, որ լիբանանեան պետութիւնը զլացած է Արսալի բարձունքները ազատագրելու իր պարտականութեան մէջ` աւելցնելով, որ Ժապհաթ Նուսրայի էմիր Ապու Մալեք Թալլի պէտք է կախաղան բարձրանայ:

ՀԱՆԳՍՏԵԱՆ կոչուած գնդապետ-զօրավար Շամել Ռուքոզ հաստատեց, որ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ լիբանանեան բանակին մղելիք ճակատամարտը պիտի ըլլայ արագ եւ վճռորոշ` նկատի ունենալով անոր կարողութիւններն ու օգտագործելիք զինուորական սարքերը:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Հասան Եաագուպ հաստատեց, որ Արսալի բարձունքներուն վրայ արձանագրուած յաղթանակը ՏԱՀԵՇ-ի եւ սիոնականներուն համար եղած է վախազդու:

 

 

Նախորդը

«Երջանիկ Եմ, Որ Կը Վերադառնամ Այն Երկիրը, Ուրկէ Սկսած Է Իմ Ճանապարհորդութիւնս» «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Արա Մալիքեան

Յաջորդը

Ահմետ Հարիրի Այցելեց Արսալ

RelatedPosts

Վարչապետ Սալամ Նապաթիէ Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Վարչապետ Սալամ Նապաթիէ Այցելեց

October 3, 2026
Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն` Նախագահներ  Խաչատուրեանի Եւ Աունի Միջեւ
Լիբանանեան

Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն` Նախագահներ Խաչատուրեանի Եւ Աունի Միջեւ

October 3, 2026
«Երկրին Դիմագրաւած Բոլոր Սպառնալիքներուն Դէմ  Անհրաժեշտ Բոլոր Քայլերը Պիտի Որդեգրուին»  Կ՛ըսէ Թուրքիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը
Լիբանանեան

Թուրքիոյ Հաղորդակցութիւններու Բաժանմունքի Նախագահութիւնը Կը Հերքէ Սուրիա-Հըզպալլա Ժողովի Լուրը

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.