Լիբանանի ֆութպոլի ախոյեան Ահտ, որ Աղեքսանդրիոյ մէջ (Եգիպտոս) իր մասնակցութիւնը կը բերէ Արաբական ակումբներու ֆութպոլի ախոյեանութեան, նախորդ շաբաթավերջին կատարեց իր առաջին մրցումը Սէուտական Արաբիոյ ախոյեան Նասըրի դէմ:
Թէեւ Նասըր Ա. կիսախաղը աւարտեց ի նպաստ իրեն (1-0), շնորհիւ Եհիա Շաարիի նշանակած կոլին (37-րդ), սակայն լիբանանեան կազմը ունեցաւ բաւական տպաւորիչ ելոյթ մը` առանց սակայն կարենալ ցնցելու մրցակիցին բերդին ուռկանը:
49-րդ վայրկեանին Իպրահիմ Տիուպ նշանակեց Ահտի կոլը, որմէ ետք սակայն կոլի բազմաթիւ առիթներ կորսուեցան Տիուպի եւ իր խմբակիցներուն կողմէ, այսպիսով մրցումը աւարտեցաւ 1-1 հաւասարութեամբ:
Լիբանանի ախոյեանը իր երկրորդ մրցումը կը կատարէ վաղը` չորեքշաբթի, 26 յուլիսին, ժամը 22:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով) եգիպտական Զամալեքի դէմ:



