Արհեստավարժ կռփամարտի առաջին ծանր կարգին մէջ հանդէս եկող եւ Հայաստանը ներկայացնող Արսէն Գուլամիրեան Կռփամարտի միջազգային ֆետերասիոնին կողմէ («Տապըլիու.Պի.Էյ.») հրապարակուած միջազգային նոր դասաւորման մէջ կը գրաւէ առաջին դիրքը:
Հայ կռփամարտիկներուն մէջ առաջին դիրքին վրայ կը գտնուի նաեւ թեթեւ կարգին մէջ հանդէս եկող Արտեոմ Դալաքեան, որ կը ներկայացնէ Ուքրանիան:



