Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըստ «Ուաշինկթըն Փոսթ»-ի. Թրամփ Վերջ Տուած Է Սուրիական Ընդդիմութիւնը Զինելու «Սի.Այ.Էյ.»-Ի Ծրագիրին

July 21, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ամերիկեան ազդեցիկ «Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ պաշտօնական աղբիւր մը օրաթերթին յայտնած է, թէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ վերջ տուած է սուրիական ընդդիմութիւնը զինելու «Սի.Այ.Էյ.»-ի գաղտնի ծրագիրին:

Օրաթերթը կը նշէ, որ զինման ծրագիրը 2013-ին նախկին նախագահ Պարաք Օպամայի վարչակազմին սկսած քաղաքականութեան կեդրոնական տարրերէն էր` աւելցնելով, որ ատոր նպատակը ճնշում բանեցնելն էր Ասատի վրայ, որպէսզի ան հրաժարի, սակայն «նոյնիսկ այդ ծրագիրին աջակցողները հարցականի տակ առին անոր գործնականութիւնը, երբ Ռուսիա երկու տարի առաջ Սուրիոյ մէջ իր ուժերը տեղակայեց»:

«Ուաշինկթըն Փոսթ»-ի աղբիւրը յայտնած է, որ «Սի.Այ.Էյ.»-ի ծրագիրէն փուլային ձեւով հրաժարումը արտացոլացումն է Թրամփի փափաքին` գործակցելու միջոց գտնելու Ռուսիոյ հետ, որ Ասատի դէմ եղող ծրագիրները կը նկատէ իր շահերուն դէմ յարձակում մը: Այս քայլը նաեւ «խոստովանութիւն մըն է Ասատը իշխանութենէն հեռացնելու Ուաշինկթընի փափաքին եւ ազդեցութեան սահմանափակութեան»:

Ամերիկացի պաշտօնատարներ յայտնած են, որ Թրամփ այս որոշումը տուած է շուրջ մէկ ամիս առաջ` Սպիտակ տան իր գրասենեակին մէջ «Սի.Այ.Էյ.»-ի տնօրէն Մայք Փոփէոյի եւ Ազգային անվտանգութեան խորհրդատու Հըրպըրթ Ռէյմընտ Մաքմասթըրի հետ հանդիպումի մը ընթացքին, նախքան 7 յուլիսին Համպուրկի մէջ Քսաններու ժողովի ծիրին մէջ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ իր հանդիպումը:

Պաշտօնատարներ յայտնած են, որ սուրիական ընդդիմութիւնը զինելու ծրագիրին վերջ տալը զինադադարի հաստատման շուրջ բանակցութիւններու նախապայման մը չէր, եւ այդ որոշումը արժանացած է Յորդանանի զօրակցութեան եւ կը թուի մաս կազմել Թրամփի վարչակազմի` ռուսերուն հետ զինադադարի հաստատման շուրջ բանակցութեան վրայ կեդրոնանալու ռազմավարութեան:

Նախորդը

Թուրքիա Գերմանիան Զգուշացուցած Է Էրտողանի Դէմ Հաւանական Յարձակումէ

Յաջորդը

Թուրքիա Աւարտած Է Զինուորականներու` Քաթարի Իր Ռազմակայան Տեղափոխումը

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.