«2018-ին տեղի ունենալիք ասիական խաղերուն պատճառով որոշեցի լքել իմ պաշտօնս», յայտարարեց Ինթեր Միլանի նախագահ Էրիք Թոհիր:
Ինտոնեզիացի Թոհիր ըսաւ, որ թէեւ ինք ամէն ամիս կը մեկնի Միլանօ, սակայն գերզբաղած ըլլալուն պատճառով վերջին անգամ հոն եղած է նախորդ ապրիլին:
Ան յայտնեց, որ մտածելով իտալական ակումբին շահերուն մասին, որոշեց ներկայացնել իր հրաժարականը` այդ պաշտօնը վստահելով այլ անձի մը, որ ժամանակ ունենայ զբաղելու իր ակումբով:
Եզրափակելով ան նշեց, որ Ինթեր Միլանի նոր նշանակուելիք նախագահին կը մաղթէ յաջողութիւն:



