Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հայոց Ցեղասպանութիւնը Պէտք Է Քննարկուի Թուրքիոյ Խորհրդարանին Եւ Ոչ Թէ Օտար Երկիրներու Խորհրդարաններուն Մէջ» Կ՛ըսէ Փայլան

July 14, 2017
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ ընդդիմադիր Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութենէն երեսփոխան Կարօ Փայլան «Ակօս»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին մեկնաբանած է խորհրդարանին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ու քրտաբնակ նահանգներու մասին խօսելու ընթացքին «Քիւրտիստան» բառը օգտագործելու պարագային երեսփոխանները տուգանքի ենթարկելու առաջարկը:

«Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հիմնած Արդարութիւն եւ  բարգաւաճում կուսակցութեան իշխանութեան տարիներուն Թուրքիոյ հասարակութիւնը կարեւոր քայլեր կատարեց անցեալի սխալներուն, կատարուած մեղքերուն եւ յանցանքներուն մասին խօսելու հարցին մէջ: Այս առաջարկը ընդունիլը կը նշանակէ վերադառնալ հին ժամանակներ: Այս բոլորին նպատակը ընդդիմութեան ձայնը կտրելն ու նախագահական պալատէն եկող հրամանները աւելի արագ օրինականացնելն է», ըսած է Փայլան:

Հայազգի երեսփոխանը ընդգծած է, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը պէտք է քննարկուի Թուրքիոյ խորհրդարանին եւ ոչ թէ օտար երկիրներու խորհրդարաններուն մէջ:

«Այդ յանցանքները տեղի ունեցած են Թուրքիոյ մէջ եւ պէտք է քննարկուին խորհրդարանին մէջ… Մեր ցաւերը այսօր խորհրդարանին մէջ չեն քննարկուիր, այդ իսկ պատճառով կը դառնան այլ երկիրներու խորհրդարաններու քննարկման առարկան, եւ եթէ այս առաջարկն ալ որդեգրուի, ասիկա այսպէս ալ պիտի շարունակուի», նշած է Փայլան:

Ըստ անոր, տուգանք կիրարկելը ո՛չ միայն ամօթալի է, այլ նաեւ անձնական վիրաւորանք նոյնինքն երեսփոխաններուն հասցէին:

«Ես լաւ գիտեմ, թէ ի՛նչ եկած է ժողովուրդիս գլխուն, եւ այս բոլորին մասին խօսելու համար զիս տուգանքի ենթարկելու անոնց ցանկութիւնը շատ մեծ ամօթ է», ըսած է ան:

Փայլան շեշտած է, որ ինք եւ իր կուսակցութիւնը պիտի պայքարին այս առաջարկի` խորհրդարանին կողմէ չորդեգրուելուն համար: Ան նաեւ վերահաստատած է, որ խորհրդարանի միւս ընդդիմադիր ուժը` Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութիւնը, նոյնպէս դէմ է առաջարկին եւ առաջարկներու այս թղթածրարին դէմ պիտի պայքարի քրտամէտներուն հետ միասին, ինչպէս նախապէս խօսուած է թրքական մամուլին մէջ:

Յիշեցնենք, որ օրեր առաջ Թուրքիոյ խորհրդարանի օրակարգ մտած, Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան եւ Ազգայնական շարժում կուսակցութեան կողմէ պատրաստուած եւ խորհրդարանին մէջ երեսփոխաններու վարքի, նիստերու կանոնակարգի եւ արտաքին տեսքի հետ կապուած փոփոխութիւններու 18 կէտերէ բաղկացած ծրարին մէջ տեղ գտած է նաեւ «թուրք ժողովուրդի պատմութիւնն ու Թուրքիոյ մէջ ապրող ժողովուրդներու ընդհանուր անցեալը վիրաւորելու եւ մեղադրանքներ ներկայացնելու» պարագային երեսփոխաններու` նիստերէն ժամանակաւոր հեռացման ու աշխատավարձէն 12 հազար թրքական լիրա պահելու մասին առաջարկը:

Նախորդը

Թուրքիոյ Դէմ Թրաթի Առաջնորդած Պատժամիջոցը Վաւերացուեցաւ Յանձնախումբի Մակարդակով

Յաջորդը

Հանդիպում ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի Գրասենեակին Մէջ

RelatedPosts

Դաշնակցական Երիտասարդներու  Բողոքի Ցոյցը` Ազգային Անվտանգութեան  Ծառայութեան Շէնքին Դիմաց
Գլխաւոր լուրեր

Դաշնակցական Երիտասարդներու Բողոքի Ցոյցը` Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան Շէնքին Դիմաց

October 3, 2026
Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Ազգային Ուժերու  Եւ Կառոյցներու Դէմ Սկսած Արշաւը Պիտի  Աւարտի Այս Իշխանութեան Հետ»
Գլխաւոր լուրեր

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Ազգային Ուժերու Եւ Կառոյցներու Դէմ Սկսած Արշաւը Պիտի Աւարտի Այս Իշխանութեան Հետ»

October 3, 2026
ԹՐԻՓՓ-ի Հիմնարկէքը Պիտի Սկսի 2027-ի Սկիզբը»  Կ՛ըսէ Ուաշինկթընի Մէջ Հայաստանի Դեսպանը
Հայկական

ԹՐԻՓՓ-ի Հիմնարկէքը Պիտի Սկսի 2027-ի Սկիզբը» Կ՛ըսէ Ուաշինկթընի Մէջ Հայաստանի Դեսպանը

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.