Դպրեվանքի Ընծայարանի բաժնի սարկաւագները Ազգային Եղիշէ Մանուկեան վարժարանին մէջ ներկայ գտնուեցան դոկտ. Գնէլ Դուրեանի դասախօսութեան, որուն նիւթն էր «Հաւատք եւ գիտութիւն»:
Բարեշնորհ սարկաւագները յատուկ ուշադրութեամբ հետեւեցան դասախօսութեան եւ հոգեւոր բաւարարուածութեամբ դպրեվանք վերադառնալէ ետք իրենց տպաւորութիւնները փոխանցեցին դպրեվանեցիներուն:


