Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նալբանդեան-Մամետեարով Հանդիպումին Քննարկուած Է Լեռնային Ղարաբաղի Բանակցային Հոլովոյթը Յառաջ Մղելու Համար Համապատասխան Պայմաններու Ստեղծման Հարցը

July 13, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդեց, որ 11 յուլիսին Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Էդուարդ Նալբանդեանի եւ Էլմար Մամետեարովի` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ Իկոր Փոփովի, Սթեֆան Վիսքոնթիի եւ Ռիչըրտ Հոկլընտի նախաձեռնութեամբ հանդիպումը, որուն ներկայ էր նաեւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիք:

«Հանդիպումի ընթացքին շարունակուեցան ղարաբաղեան տագնապի լուծման բանակցային հոլովոյթը յառաջ մղելու նպատակով համապատասխան պայմաններու ստեղծման շուրջ քննարկումները:

«Էդուարդ Նալբանդեան ընդգծեց շփման գիծին վրայ իրավիճակի կայունացման անհրաժեշտութիւնը եւ այդ նպատակով շեշտեց Վիեննայի եւ Ս. Փեթերսպուրկի վեհաժողովներուն ձեռք բերուած համաձայնութիւններու գործադրումը:

«Եռանախագահները արտաքին գործոց նախարարներէն խնդրեցին նախագահներուն փոխանցել այս տարուան ընթացքին վեհաժողովի կազմակերպման վերաբերեալ իրենց առաջարկը:

«Համաձայնութիւն գոյացաւ արտաքին գործոց նախարարներու յաջորդ հանդիպումը կատարելու սեպտեմբերին Նիւ Եորքի մէջ` ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի ծիրին մէջ», կը նշէ նախարարութիւնը:

Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան
Յայտարարութիւնը

«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Հիքմեթ Հաճիեւ յայտնած է, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները կը պատրաստուին այս տարուան աշնան այցելելու Հայաստան եւ Ազրպէյճան` երկու երկիրներու նախագահներու սպասուող հանդիպումէն ետք:

«Պրիւքսէլի մէջ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումին առաջարկուած է կատարել հերթական հանդիպումը ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի նստաշրջանի ծիրին մէջ: Ազրպէյճան տուած է իր համաձայնութիւնը այդ հանդիպումին համար», ըսած է Հաճիեւ:

Ըստ անոր, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներու հանդիպումին վերաբերեալ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու առաջարկին մասին պիտի զեկուցեն արտաքին գործոց նախարարները:

«Նախագահներու սպասուող հանդիպումէն ետք ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները կը պատրաստուին այս տարուան աշնան այցելելու շրջան», նշած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը:

Ալիեւ. «Կարելի Եղածին Չափ Արագ Պէտք Է Վերսկսին
Բովանդակալից Եւ Նոր Բանակցութիւնները»

ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարած է, թէ կարելի եղածին չափ արագ պէտք է վերսկսին Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման շուրջ առարկայական, նոր, բովանդակալից եւ շօշափելի բանակցութիւններ:

Այդ մասին Ալիեւ յայտարարած է 2017-ի առաջին կիսուն ընկերային-տնտեսական զարգացման արդիւնքներուն եւ յառաջիկայ խնդիրներուն նուիրուած կառավարութեան նիստին ընթացքին:

Ազրպէյճանի նախագահը նշած է. «Ազրպէյճանական կողմը չէ ընդունած պայմաններ, իսկ բանակցային հոլովոյթը վերսկսած է առանց նախապայմաններու»:

«Այժմ հարցը այն է, որ կարելի եղածին չափ շուտ պէտք է վերսկսին առարկայական, նոր, բովանդակալից եւ շօշափելի բանակցութիւնները», ընդգծած է Ալիեւ:

 

 

 

Նախորդը

Ինթըրփոլը Մերժած Է Արցախ Այցելած Չեխ Երեսփոխանը Ձերբակալելու Ազրպէյճանի Դիմումը

Յաջորդը

Հայաստանի Ու Արցախի Ազգային Ժողովներու Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբերու Միացեալ Յայտարարութիւնը` Շփման Գիծի Վերջին Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.