Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երեսփոխան Բագրատունի Այցելեց «Հաուըրտ Գարակէօզեան» Ամառնային Դպրոց

July 13, 2017
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Չորեքշաբթի, 12 յուլիս 2017-ն իւրայատուկ օր էր «Հաուըրտ Գարակէօզեան» ամառնային դպրոցի տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին եւ աշակերտութեան համար: Արդարեւ, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի խրախուսական այցելութիւն մը տուաւ Ազգային Լ. եւ Ս. Յակոբեան քոլեճ, ուր տեղի կ՛ունենար «Հ. Գարակէօզեան»-ի ամառնային դպրոցի ծրագիրը: Երեսփոխան Յ. Բագրատունիին դիմաւորեցին «Գարակէօզեան» հաստատութեան տնօրէն Սերոբ Օհանեան, Ազգային Լ. եւ Ս. Յակոբեան քոլեճի տնօրէն Վիգէն Աւագեան եւ «Գարակէօզեան»-ի ամառնային դպրոցի պատասխանատուները:

Երեսփոխան Բագրատունի հաստատութեան տնօրէնին` Սերոբ Օհանեանի հետ ունեցաւ մտերմիկ հանդիպում մը, որուն ընթացքին վերջինս համառօտ նկարագրական մը տուաւ ամառնային դպրոցի ծրագիրին եւ ձեռք ձգած յաջողութեան մասին: Բագրատունի լսելէ ետք տնօրէնութեան զեկուցումը յոյժ գնահատեց հաստատութեան տարած նուիրեալ աշխատանքը` ի սպաս մեր գաղութին:

Ապա Բագրատունի` ընկերակցութեամբ տնօրէններուն, այցելեց իւրաքանչիւր դասարան, զրուցեց աշակերտներուն հետ, գնահատեց աշակերտներուն մասնակցութիւնը «Գարակէօզեան» ամառնային դպրոցի օգտաշատ ծրագիրին եւ իր ուրախութիւնը յայտնեց ի տես աշակերտներուն ոգեւորութեան: Ան լուսարձակի տակ առաւ ուսուցչական կազմին հետեւողական աշխատանքը` ի գին մեծ զոհողութեան: Ան յայտնեց նաեւ, որ պէտք է շնորհակալ ըլլալ «Գարակէօզեան» հաստատութեան, որ ի մի համախմբած է տարբեր հայկական վարժարաններ յաճախող աշակերտները` անոնց ջամբելով օգտակար գիտելիքներ:

Ապա վարժարանին բակին մէջ համախմբուեցան բոլոր աշակերտները` յիշատակի խմբային նկար մը ունենալու համար: Հուսկ, աշակերտները հիւրասիրուեցան երեսփոխան Բագրատունիի կողմէ:

 

Նախորդը

Յայտարարութիւն

Յաջորդը

Տեսակէտ. Վասն Ինչի՞

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.