Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գասպար Կարապետեան. «Եւրոպացի Գործիչներու Արցախ Այցելութիւնները Պիտի Շարունակուին»

July 12, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակը պիտի շարունակէ տեղեկացնել Եւրոպական խորհրդարանի եւ Եւրոպական երկիրներու  խորհրդարաններու պատգամաւորները սահմանին վրայ Ազրպէյճանի կողմէ յարձակումներուն եւ զինադադարի խախտումներուն մասին: Այս մասին «Արմէնփրես»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին նշեց Հայ դատի Եւրոպայի յանձնախումբի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեանը: Անոր համաձայն, պէտք չէ բացառել 2016-ի ապրիլեան վայրագ յարձակումներու նման նոր գործողութիւններու  հաւանականութիւնը, սակայն պէտք է ամէն ինչ ընել, որ անոնք  չկրկնուին:

Դիտարկման, թէ Հայ դատի գրասենեակը, ինչպէս նախորդ, այնպէս ալ այս տարի շարունակած է Եւրոպայէն պատգամաւորներու, հասարակական խումբերու այցելութիւններ կազմակերպել դէպի Արցախ, արդեօ՞ք նման այցելութիւնները պիտի շարունակուին, Գասպար Կարապետեան ըսած է. «Այո՛, այս այցելութիւնները պիտի շարունակուին, որովհետեւ Արցախը մեր ներկայ գործունէութեան ամէնէն կարեւոր առաքելութիւններէն մէկն է: Տակաւին քանի մը օր առաջ կազմակերպեցինք Պելճիքայի  պատգամաւորներու այցելութիւնը դէպի Հայաստան եւ Արցախ: Անոնք տեսակցութիւններ ունեցան պետական բարձրագոյն ներկայացուցիչներու հետ: Այս այցելութիւնը 2017-ին արդէն 3-րդն էր: Վերջին երկու տարիներուն միայն Պելճիքայէն 22 պատգամաւորներ այցելեցին մեր զոյգ հանրապետութիւնները»:

Անդրադառնալով  այցելութիւններու արդիւնքներուն Գասպար Կարապետեան ըսած է. «Ինչպէս տեղեակ էք, Արցախի Հանրապետութեան աշխարհաքաղաքական իրավիճակը եւ թուրք-ազրպէյճանական շրջափակումը Արցախը կը պահէ մեկուսացման մէջ: Այս մեկուսացումը միայն քաղաքական չէ, այլեւ` տնտեսական եւ ընկերային: Ուստի եւրոպացի եւ օտար քաղաքական անձնաւորութիւններուն եւ լրագրողներուն առիթ պէտք է տրուի այցելելու Արցախ, ըլլալու ականատեսը տեղւոյն զարգացման յառաջընթացին, հանդիպելու պետական եւ կառավարական կառոյցներու ղեկավարներու հետ, ծանօթանալու ղարաբաղեան-ազրպէյճանական տագնապի վերջին տեղեկութիւններուն: Գրասենեակը  այս գործն է, որ կը կատարէ եւ յառաջիկայ ամիսներուն նոր պատուիրակութիւններ պիտի ուղղուին դէպի մեր զոյգ հանրապետութիւնները: Այս պատուիրակութիւններու դրական արդիւնքները կրնանք տեսնել Եւրոպայի մէջ հետագային տարուող գործունէութեան ընթացքին»:

 

Նախորդը

Նալբանդեան Եւ Լաւրով Աւստրիոյ Մէջ Քննարկած Են Լեռնային Ղարաբաղի Հարցը

Յաջորդը

ՀՅԴ-ն Համոզուած Է, Որ Լեռնային Ղարաբաղի Սահմանադրական Փոփոխութիւնները Թելադրուած Չէին Նախագահի Այս Կամ Այն Թեկնածուի Անունով

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.