Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տեսակէտ. Չսպաննենք Մարդը

July 11, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԽԱՉԻԿ ԽԱՉԵՐԵԱՆ

Հայաստանի Գ. վերանկախացումէն ետք, երկրի քաղաքականութեամբ զբաղիլը իսկապէս հեշտ գործ չէ եղած: Խորհրդային «նոմենքլաթուրան» եւ քաղաքամտածողութիւնը ահաւոր դժուար դարձուցած են անկեղծ նպատակներով տոգորուած քաղաքական որեւէ ուժի մը գործունէութիւնը, որով եւ հաւաքական նպատակներու իրագործման մտմտուքով տարուելէ առաջ, ստիպած անոր` սեփական գլուխը պահելու հրամայականով զբաղիլ:

Արդիւնքը եղած է ա՛յն, որ մարդը, մարդկայնութիւնը, միշտ տարածք զիջած է քաղաքական գործունէութեան մէջ: Մերժուելու, ճնշուելու եւ լուսանցքայնացուելու վախը մէկ կողմէն, իսկ «ախպերական» շրջանակի մաս կազմելու, ընդունուելու իղձը միւս կողմէն` բերած են այն օրին, ուր սանձարձակօրէն կ՛ոտնակոխուին այնպիսի սկզբունքներ ու արժէքներ, առանց որոնց` մարդու էութիւնը այլապէս չէինք կրնար պատկերացնել: Ու մենք, հայրենիքի մէջ թէ սփիւռքի, կուլ կու տանք զանոնք սովորական կրաւորականութեամբ` միայն պարագայաբար մենք մեզի հարց տալով, թէ ե՞րբ մեռաւ մարդը մեր մէջ, թէ ե՞րբ քաղաքական հաշուարկներն ու սեփական յաւակնութիւնները իրենք սկսան սահմանել ճիշդն ու սխալը, իրաւացին  ու անարդարը…

Այս մտահոգութեան ծիրին մէջ կ՛արժէ դարձեալ արձանագրել, որ հասկնալի նկատառումներով կարելի է չբաժնել հայրենիքի ներքաղաքական ընդդիմադիր հայեցողութիւնները, սակայն հիմնովին սխալ է այդ տարակարծութեան պատճառով անտեսել, երբեմն ալ արդարացնել ամէն սեպ, որ կը խրուի այդ հայեցողութիւններու առանցքներուն մէջ: Ո՛չ միայն սխալ է, այլեւ` ինքնաժխտողական: Այսինքն, երբ «հաց բերող»-ներ կը բանտարկուին ու արիւնաքամ կ՛ըլլան, երբ ազատամարտիկներ բարբարոսաբար կը ծեծուին ու հեգնանքի առարկայ կը դառնան, եւ մենք` ի տես այդ բոլորին, լուռ կը մնանք, կը դաւաճանե՛նք մենք մեզի, կը սպաննե՛նք մարդու այն տիպարը, որ մեր ծնողներն ու միջավայրը կը կարծէինք կերտած են մեր մէջ:

Իսկ երբ կը մեռնի մարդու յիշեալ տիպարը, քաղաքականութիւնը կ՛ընթանայ սոսկ անտառի օրէնքներով, ուր բարոյականութիւնն ու արդարութիւնը անհեթեթ հասկացողութիւններու կը վերածուին, եւ ուր իշխանութեան հետաքրքրութիւնը իշխանի եւ անոր անմիջական շրջապատի ախորժակներով կը սահմանափակուի:

Չսպաննենք մարդը, մնացեալը անիմաստ կրնայ ըլլալ…

 

 

 

Նախորդը

Խանասորը` Սենոյի Մեկնաբանութեամբ

Յաջորդը

Խրտուիլակ Եւ Խարտաւիլակ

RelatedPosts

Աշունը Գլուխը Երկարեց
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.