Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իշխանեան. «Ռուսիան Գործուն Քայլերու Չի Ձեռնարկեր Արցախը Բանակցային Սեղանին Վերադարձնելու Ուղղութեամբ»

July 10, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ խորհրդարանի ԱՊՀ գործերով, եւրասիական համարկումի եւ հայրենակիցներու կապերու կոմիտէի առաջին փոխնախագահ, ԱՊՀ երկիրներու հիմնարկի ղեկավար Կոնստանտին Զատուլին «Ժողովուրդ»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին անդրադարձած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման հոլովոյթին` նշելով, թէ Հայաստանի մեծագոյն սխալը Արցախը բանակցային հոլովոյթէն  դուրս ձգելը եղած է:

ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Դաւիթ Իշխանեանն ալ «Թերթ»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին ընդգծեց, որ ռուս տարբեր քաղաքական գործիչներ տարբեր շրջանակներու նման յայտարարութիւններ կը կատարեն, բայց ատիկա տակաւին հիմք չէ  ենթադրելու, որ կրնան գործուն քայլերու ձեռնարկել ղարաբաղեան կողմը բանակցութիւններուն մէջ ներգրաւելու առումով:

«Քաղաքական այսպիսի հոլովոյթներու մէջ ցանկութիւններու, յայտարարութիւններու վրայ յոյս դնելը մեզի չի կրնար բաւարարել: Չեմ կարծեր, որ Ռուսիան այդ ուղղութեամբ գործուն քայլեր կը կատարէ», նշեց ան:

Դաւիթ Իշխանեան յիշեցուց, որ Արցախի Հանրապետութեան մէջ ղարաբաղեան կողմը բանակցութիւններու սեղանին վերադարձնելու հարցը միշտ օրակարգի վրայ է եւ այդ ուղղութեամբ քայլերու կը ձեռնարկուին, լիարժէք բանակցային կողմ ըլլալու անհրաժեշտութեան մասին յայտարարութիւններ տարբեր մակարդակի հանդիպումներուն Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցիչները կը կատարեն:

«Ղարաբաղեան տագնապի հանգուցալուծման վերջնական բանալին Ստեփանակերտի մէջ կը գտնուի, առանց անոր անմիջական մասնակցութեան ոչ մէկ փաստաթուղթ կրնայ կեանքի կոչուիլ: Յստակ է` այս հարցին լուծումը Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչումն է, կարգավիճակի հարցը», մանրամասնեց ան:

Դաւիթ Իշխանեանը կը բացառէ հողերու յանձնման  հաւանականութիւնը:

 

 

Նախորդը

Հարիրի Բանակի Հրամանատարը Հրաւիրեց Վարչապետարանին Մէջ Գումարուելիք Այսօրուան Նիստին

Յաջորդը

Ռուստամեան. «Ազրպէյճան Հիմքեր Ստեղծած Է Լայնածաւալ Զինուորական Գործողութիւններու Համար»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ

October 29, 2026
Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը  Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի

October 29, 2026
Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.