Երէկ ամբողջ Լիբանանի տարածքին տեղի ունեցան Սեփական դպրոցներու մէջ պաշտօնավարող ուսուցիչներու սենտիքայի ընտրութիւններ, որոնց արդիւնքները երեկոյեան հաստատեցին Ռուտոլֆ Ապպուտի նախագահած ցանկին ամբողջական յաջողութիւնը:
Ընտրական մրցակցութիւնը արձանագրուեցաւ Սեփական դպրոցներու մէջ պաշտօնավարող ուսուցիչներու սենտիքայի նախկին նախագահ Նաամէ Մահֆուտի եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան թեկնածու Ռուտոլֆ Ապպուտի միջեւ:
Օրուան ընթացքին ընտրական կեդրոններ այցելութեան ծիրին մէջ Մահֆուտ նշեց, թէ ի՛նչ ալ ըլլան ընտրութիւններուն արդիւնքները, ինք կը փափաքի, որ սենտիքան մնայ բոլոր ուսուցիչներուն սենտիքան:
Իր կարգին, Ապպուտ նշեց, որ իրենք աշխատավարձերու յաւելումները չեն մերժեր եւ կը գործեն զուտ սենտիքայական հասկացողութեամբ` առանց միջամտութիւններու:
Ըստ արդիւնքներուն, Մահֆուտին զօրակցեցան Ընկերվար յառաջդիմական, Փաղանգաւոր եւ Ազգային ազատականներու կուսակցութիւնները, իսկ Ապպուտին զօրակցեցան Ազգային ազատ հոսանք եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնները, Հըզպալլան, Ամալ շարժումը, Մուսթաքպալ եւ Մարատա հոսանքները, ինչպէս նաեւ Ժամաա իսլամիէն:



