Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը խստօրէն դատապարտած է Եւրոպական խորհրդարանին որդեգրած եւ Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան շուրջ բանակցութիւնները կասեցնելու կոչ ուղղող բանաձեւն ու յայտարարած, որ Թուրքիան երբեք զայն պիտի չընդունի:
Թրքական «Ճումհուրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր տարածած յայտարարութեան մէջ նշած է, որ բանաձեւը հիմնուած է անհիմն բամբասանքներու վրայ եւ միակողմանի է, այդ պատճառով ալ կը վնասէ նաեւ Եւրոպական խորհրդարանի վարկին:



