Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մոսկուա Ազրպէյճանէն Պահանջած Է Դադրեցնել Խտրականութիւնը Հայկական Մականունով Ռուսիոյ Քաղաքացիներուն Նկատմամբ

July 6, 2017
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Արմէնփրես»-ը, վկայակոչելով ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը, կը հաղորդէ, որ Ռուսիա Ազրպէյճանի իշխանութիւններէն պահանջած է դադրեցնել խտրական վերաբերումը Ազրպէյճան այցելող Ռուսիոյ այն քաղաքացիներուն նկատմամբ, որոնք ունին հայկական մականուններ:

«Ստիպուած ենք հաստատել, որ Ազրպէյճան այցելող ռուսաստանցիները իսկապէս խտրութեան կ՛ենթարկուին ազգային սկզբունքի հիման վրայ: Կը շարունակենք պահանջել դադրեցնել այդ զայրացնող խտրական գործելաոճը, որ չի համապատասխաներ երկու երկիրներուն միջեւ բարեկամական յարաբերութիւններուն: Բնականաբար, եզրակացութիւններ պիտի կատարենք ստեղծուած կացութենէն», յայտարարած են Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն յայտնած են, որ 2017-ին Ռուսիոյ 25 քաղաքացիներու արգիլած են մուտք գործել Ազրպէյճան: Զանոնք քանի մը ժամով սպասցուցած են, որոշ պարագաներու մինչեւ իսկ առանց ուտելիքի, ջուրի եւ բժշկական օգնութեան, ապա անոնց իսկ հաշուոյն ետ ուղարկած են: Իբրեւ պատճառաբանութիւն նշուած է անոնց հայկական մականուն կրելը, սակայն եղած են նաեւ դէպքեր, երբ «ռուսական մականուններով, անուններով ու հայրանուններով անձեր հարցաքննուած են հայկական նախնիներ ունենալու փաստը բացայայտելու նպատակով»:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն յայտնած են, որ իրենք բազմիցս, ներառեալ պաշտօնական բողոքագիրներու միջոցով պահանջած են դադրեցնել այդպիսի գործելաոճ, սակայն չեն ստացած բաւարարող պատասխան: «Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան պատասխան-գրութեան մէջ կ՛ըսուի. «Անցանկալի դէպքերը կանխարգիլելու նպատակով Ազրպէյճան ստիպուած է կիրարկել համապատասխան կարգաւորումներ շարք մը անձերու նկատմամբ», նշած են Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն:

«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան արտայայտած մտահոգութեան պատասխանած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Հիքմեթ Հաճիեւ:

Ան չէ հերքած, որ այդպիսի խտրականութիւն իսկապէս կը դրսեւորուի` իրենց գործելաոճը պատճառաբանելով շինծու մեղադրանքով, թէ իբրեւ թէ Ռուսիոյ այդ քաղաքացիները «կրնան Ազրպէյճանի մէջ սադրանքներ կատարել»: «Մենք անվտանգութեան այսպիսի քայլերու կը ձեռնարկենք եւ այդ մասին յայտնած ենք ռուսական կողմին», ըսած է Հաճիեւ:

 

Նախորդը

Թուրք Ոստիկանը` Տինքը Սպաննողին Հետ Լուսանկարուելու Մասին. Դատախազը Եկաւ Եւ Պահանջեց Լաւ Վերաբերում Ցոյց Տանք Սամասթին, Որպէսզի Ամէն Բան Դիւրին Պատմէ

Յաջորդը

Հանդիսաւոր Ձեռնարկ` Սահմանադրութեան Օրուան Նուիրուած. «Սահմանադրութեան Բարեփոխուած Տարբերակը Աւելի Մեծ Կարելիութիւններ Կը Ստեղծէ Հայաստանի Զարգացման Համար» Շեշտեց Նախագահ Սարգսեան

RelatedPosts

Հանդիպում «Միասնական Ռուսիա»  Եւ «Արդար Ռուսիա» Կուսակցութիւններու  Ներկայացուցիչներուն Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Հանդիպում «Միասնական Ռուսիա» Եւ «Արդար Ռուսիա» Կուսակցութիւններու Ներկայացուցիչներուն Հետ

November 2, 2026
Միրզոյեան Եւ Ռաժժի Քննարկած Են  Հարաւային Կովկասի Եւ Միջին Արեւելքի Մէջ  Տեղի Ունեցող Զարգացումները
Գլխաւոր լուրեր

Միրզոյեան Եւ Ռաժժի Քննարկած Են Հարաւային Կովկասի Եւ Միջին Արեւելքի Մէջ Տեղի Ունեցող Զարգացումները

November 2, 2026
Քոպախիծէ. «Վրաստանը Կ՛ողջունէ  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի  Միջեւ Խաղաղ Հոլովոյթը»
Հայկական

Քոպախիծէ. «Վրաստանը Կ՛ողջունէ Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղ Հոլովոյթը»

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.