Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըստ Թուրքիոյ Ներքին Գործոց Նախարարութեան. Սուրիացի Գաղթականներու Եւ Թուրքերու Միջեւ Դէպքերը Չափազանցուած Կերպով Ներկայացնելը Սադրանքի Նպատակով Է

July 6, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ «կարգ մը վայրերու մէջ երբեմն սուրիացի գաղթականներուն եւ թուրք քաղաքացիներուն միջեւ արձանագրուող ցաւալի դէպքերը չափազանցուած կերպով ներկայացնելը երկու կողմերուն միջեւ սադրանք յառաջացնելու եւ զայն ներքին քաղաքական նպատակներու մէջ օգտագործելու համար է»:

«Որոշ կողմեր դիտաւորեալ կերպով չափազանցուած ձեւով կը ներկայացնեն ցաւալի դէպքերը եւ զանոնք կը տարածեն այնպիսի ձեւով մը, որ համահունչ չէ հիւրընկալութեան չափանիշներուն եւ հասարակութեան մէջ պառակտում կը ստեղծէ», նշեց նախարարութիւնը:

Նախարարութիւնը յայտնեց, որ պաշտօնական տուեալներու համաձայն, խնդիրներու եւ ցաւալի դէպքերու սուրիացիներու մեղսակցութեան համեմատութիւնը ներկայացուածէն ցած է, անիկա շատ ցած է բաղդատմամբ Թուրքիոյ մէջ գործուած ոճիրներու թիւին, մասնաւորաբար երբ նկատի առնուի Թուրքիա գտնուող սուրիացի տեղահանուածներուն թիւը:

«Հիւրրիյէթ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Թուրքիոյ փոխվարչապետ Վէյսի Քայնաք, մեկնաբանելով վերջին շրջանին Թուրքիոյ մէջ սուրիացի գաղթականներուն դէմ աշխուժացած յարձակումները, ժողովուրդին կոչ ուղղած է հանդուրժողականութիւն դրսեւորելու:

Օրեր առաջ ընկերային ցանցերէն մէկուն վրայ Անգարայի մէջ սուրիացի գաղթականի մը կողմէ 5 տարեկան թուրք աղջկայ մը բռնաբարութեան մասին լուրը պատճառ դարձած էր սուրիացի գաղթականներու դէմ զանգուածային նոր յարձակումներու, որոնց պատճառով արձանագրուած էր վիրաւոր մը:

Երեքշաբթի օր Պոլսոյ Սկիւտար շրջանին մէջ լուրջ բախումներ սկսած են սուրիացի գաղթականներու եւ տեղւոյն բնակիչներուն միջեւ: Ըստ նախնական վարկածին, բախումները սկիզբ առած են սուրիացի գաղթականի մը եւ տեղացիի մը վէճէն: Բնակիչները պատմած են, որ սուրիացիներէն մէկը վիրաւորական արտայայտութիւն ունեցած է թաղամասի թուրք կիներէն մէկուն հասցէին, եւ վերջինիս պաշտպանած են միւս բնակիչները: Սկսած ծեծկռտուքը վերածուած է մեծ կռիւի, որուն մասնակցած են նաեւ թաղամասի միւս բնակիչները: Զայրացած բնակիչները ոստիկանութեան մէկ շաբթուան պայմանաժամ տուած են եւ պահանջած սուրիացիները հեռացնել թաղամասէն, այլապէս սպառնացած են բարձրացնել մեծ աղմուկ եւ աւերել անոնց տուները:

Փոխվարչապետ Քայնաք նշած է, որ վերջին շրջանին սուրիացիներուն դէմ թշնամական տրամադրութիւնները կտրուկ աճ արձանագրած են, ինչ որ մտահոգիչ է:

«Մենք կը հասկնանք մեր հասարակութեան մտահոգութիւնները: Ոչ ոք իրաւունք ունի յանցանք գործելու, մեր մշակոյթին ու օրէնսդրութեան հակասող քայլեր կատարելու այստեղ: Սակայն կոչս այս է. չմոռնանք, որ անոնք ժամանակաւորապէս այստեղ կը գտնուին, եւ Թուրքիան զանոնք հիւրընկալած է ի գին մեծ զոհողութեան»:

Քայնաք նաեւ ընդգծած է, որ շարք մը քաղաքներու մէջ սուրիացի գաղթականները կարեւոր աշխատուժ կը ներկայացնեն: Ըստ փոխվարչապետին, թրքական բազմաթիւ գործարաններու աշխատանքը կանգ պիտի առնէ, եթէ Ատանայի, Այնթապի կամ նոյնիսկ Անգարայի գործարաններուն մէջ աշխատող հազարաւոր սուրիացիներ հեռանան այդտեղէն:

 

 

Նախորդը

«Գործերուս Մէջէն Կ՛ուզեմ Ցոյց Տալ Անտեսանելիներուն Տեսանելիութիւնը». Հրայր Սարգիսեան

Յաջորդը

Թուրքիոյ Քեմալական Կուսակցութիւնը Հանրաքուէի Արդիւնքին Հարցով Կը Դիմէ Մարդկային Իրաւանց Եւրոպական Դատարան

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.