Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Սփիւռք» Ամառնային Դպրոցի 2017 Տարեշրջանի Պաշտօնական Բացում

July 4, 2017
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` երկուշաբթի, 3 յուլիս 2017-ին, աւելի քան 350 սփիւռքահայ մասնակիցներու ներկայութեամբ, Երեւանի պետական համալսարանին մէջ, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան 2017 թուականի «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի պաշտօնական բացման արարողութիւնը` համագործակցութեամբ Երեւանի պետական համալսարանին:

Հայաստանի Հանրապետութեան քայլերգի յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք խօսք առաւ սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան: Ան իր խօսքին մէջ նշեց, որ «Սփիւռք» ամառնային դպրոցը ստեղծուած է ազգային ինքնութեան, հայեցի լեզուամտածողութեան պահպանման եւ զարգացման նպատակով: Նախարարը կոչ ուղղեց երիտասարդ մասնակիցներուն, որ հայերէնը լաւ սորվին: Ան ըսաւ. «Հայ երիտասարդները աշխարհի մէջ պէտք է մրցունակ ըլլան իրենց գիտելիքներով, դառնան մասնագէտներ եւ իմանան, որ իրենց միտքն ու գիտելիքը ազգային մեծագոյն դրամագլուխն է ո՛չ միայն իրենց համար, այլ նաեւ հայրենիքին համար»:

Խօսք առաւ նաեւ Երեւանի պետական համալսարանի նախագահ Արամ Սիմոնեան, որ ըսաւ. «Սիրելի՛ մասնակիցներ, համալսարանի ամբողջ կազմը սրտագին կ՛ողջունէ ձեզ եւ մեծ պատասխանատուութեամբ կը վերաբերի դասընթացքները յաւուր պատշաճի կազմակերպելու գործին»:

Այնուհետեւ սրտի խօսքերով ելոյթ ունեցան վերապատրաստման դասընթացքի մասնակիցներ Վանուհի Խաչիկեան (Իրաքէն), Աստղիկ Լագզեան (Ռուսիայէն) եւ Սաթենիկ Տէր Գրիգորեան (Միացեալ Նահանգներէն):

Ձեռնարկին գեղարուեստական յայտագիրով հանդէս եկան Երեւանի պետական համալսարանի Մշակոյթի կեդրոնի սաները, որոնք ներկայացուցին երաժշտական, պարային եւ ասմունքի գեղեցիկ կտորներ ու մեծապէս խանդավառեցին մթնոլորտը:

Այնուհետեւ «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի մասնակիցները առանձնացան ըստ իրենց ընտրած ուղղութեան եւ համախմբուելով իրենց պատասխանատուներուն շուրջ սկսան իրենց աշխատանքներուն:

Նշենք, որ «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի հինգ ուղղութիւններն են`

– Հայոց լեզուի արագացուած ուսուցում (յուլիս 2-29)

– Հայոց լեզուի ուսուցիչներու եւ կրթական գործի կազմակերպիչներու վերապատրաստում (յուլիս 2-29)

– Երիտասարդ լրագրողներու վերապատրաստում (յուլիս 2-15)

– Ազգային երգի խմբավարներու եւ պարուսոյցներու վարպետութեան դասընթացք (յուլիս 2-15)

– Երիտասարդ առաջնորդներու եւ համայնքային գործի կազմակերպիչներու դասընթացք (յուլիս 2-15)

Յայտնենք, որ հինգ ուղղութիւններու ծրագիրները իրենց առօրեայ աշխատանքներու կողքին պիտի ընդգրկեն հանդիպումներ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարական, ազգային եւ քաղաքական անձնաւորութիւններու ու արուեստագէտներու հետ: Մասնակիցները նաեւ այցելութիւններ պիտի տան Հայաստանի Հանրապետութեան պատմական, հոգեւոր եւ մշակութային արժէք ունեցող վայրեր:

Նախորդը

Հայկական Հոգեւոր Եւ Ժողովրդային Երգերու Երեկոյ` Համազգայինի «Գուսան» Սենեկային Երգչախումբին Կատարողութեամբ

Յաջորդը

Թրամփ Եւ Ապէ Համաձայնած Են Զօրացնել Հիւսիսային Քորէայի Վրայ Ճնշումը

RelatedPosts

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ  Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին,  Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»
Գլխաւոր լուրեր

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին, Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»

November 2, 2026
Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ  Զանգուածային Ցոյցեր
Գլխաւոր լուրեր

Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ Զանգուածային Ցոյցեր

November 2, 2026
Հանդիպում «Միասնական Ռուսիա»  Եւ «Արդար Ռուսիա» Կուսակցութիւններու  Ներկայացուցիչներուն Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Հանդիպում «Միասնական Ռուսիա» Եւ «Արդար Ռուսիա» Կուսակցութիւններու Ներկայացուցիչներուն Հետ

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.