ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Ապագայի ձեր ծրագիրները բազմաթիւ են. զանոնք իրագործելու համար պէտք է հանդարտութեամբ մտածէք այս արձակուրդին եւ ձեր գիտութիւնը ի գործ դրէք: Յաջողութիւն:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ձեր տուած որոշումները յամառութեամբ մի՛ կատարէք. սխալած կրնաք ըլլալ. աւելի լաւ է, որ քանի մը անձերու կարծիքը առնէք եւ ըստ այնմ ի գործ դրէք: Աճապարելու պէտք չունիք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Բազմազբաղութիւնը ձեզ յոգնեցուցած է. այս ընթացքով կրնաք ձեր շրջապատը վիրաւորել. քանի մը օրուան արձակուրդը լիապէս պիտի կազդուրէ ձեզ:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Կայտառ ըլլալու համար սննդականոնի մը հետեւիլը պայման չէ. քիչ մը մարզանքներ ու քալելը մեծապէս պիտի նպաստեն ձեզի: Ծանր աշխատանքներէ ալ հեռու մնացէք:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Անտարբեր մի՛ գտնուիք եւ մի՛ թերանաք ձեր պարտականութիւնները կատարելու եւ մի՛ սպասէք, որ ուրիշ անձ մը ձեզի յիշեցնէ ձեր ընելիքները: Գործերը օրին ընելը հանգստութիւն կու տայ:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ձեր աշխատանքները մի՛ յետաձգէք եւ մի՛ բարդացնէք. այս օրերուն գործթ վաղուան չեն ձգեր: Դուք կարողութիւն ունիք, սակայն կրնաք անտարբեր գտնուիլ. վաղն իր դժուարութիւնները ունի:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ժամանակէ մը ի վեր անհաշիւ կը ծախսէք, նոյնիսկ անտեղի եւ անպէտք բաներու: Այս ընթացքը ժամանակաւոր է. դուք կրնաք ձեր մուտքը հաւասարակշռել, ուրեմն խոհեմ գտնուեցէք:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Շատ ինքնավստահ էք եւ բնաւ կամ գրեթէ սխալներ չէք ըներ: Ձեր այս նկարագիրը շատ կ՛ազդէ ձեր շրջապատին վրայ, եւ ձեր շուրջինները ձեզի հետեւիլ կ՛ուզեն: Ուրեմն անգիտակցաբար օգտակար կը դառնաք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ձեր ընելիքները կատարելու դիւրութիւնը ունիք. չէք ուզեր, որ ձեր շրջապատը միջամուխ ըլլայ եւ ձեզի խրատներ տայ: Իրաւունք ունիք, նոյն ձեւով շարունակեցէք եւ միշտ պիտի յաջողիք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Կ՛ուզէք հանդարտ արձակուրդ մը վայելել ձեր բարեկամներուն հետ. լաւ գաղափար է, հոգերը մէկ կողմ դրէք եւ հաճելի արձակուրդ մը ունեցէք: Հոգերը միշտ ներկայ են, պէտք է ընկճել զանոնք:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Հետաքրքրուեցէք նորութիւններով եւ զանոնք ներարկեցէք ձեր կեանքին մէջ: Այսպիսով միապաղաղ ներարկեցէք ձեր կեանքին մէջ: Այսպիսով միապաղաղ կեանքէ հեռու կը մնաք եւ նոր սորված գիտելիքներով ձեր ապագան կը բարելաւէք:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Շատ զօրաւոր նկարագիրի տէր էք. ո՛չ մէկ դժուարութիւն եւ խոչընդոտներ կը յուսահատեցնեն ձեզ: Ձեր տրամադրութիւնը միշտ բարձր կը պահէք, ինչ որ կը զարմացնէ ձեր շրջապատը:
