«Լանքասթըր-Թամեր» պանդոկին մէջ (Հազմիէ) տեղի ունենալիք յատուկ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, Լիբանանի մինի ֆութպոլի ֆետերասիոնը երեքշաբթի, 4 յուլիսին պիտի անդրադառնայ մինի ֆութպոլի փորձառական ախոյեանութեան գծով իր կազմակերպական աշխատանքին:
Յետմիջօրէի ժամը 15:00-ին տեղի ունենալիք այս մամլոյ ասուլիսին ընթացքին պիտի կատարուի նաեւ այս ախոյեանութեան մրցումներուն վիճակաձգութիւնը:



