Լիբանանեան բանակի անկարգելաւորներու ջոկատը երէկ առաւօտեան Արսալի մէջ գտնուող սուրիական Նուր գաղթակայանին մէջ իրականացուց զինուորական տեսակարար գործողութիւն մը:
Բանակին գործած խուզարկումին ընթացքին ահաբեկիչ մը ականուած գօտիով անձնասպանական գործողութիւն կատարած է իր ընտանիքին անդամներուն ներկայութեան, այդ պատճառով ալ զոհուած է ընտանիքի անդամ երեխայ մը:
Միւս կողմէ, բանակին կողմէ Նուր գաղթակայանը խուզարկելու ընթացքին այլ ահաբեկիչ մը բանակի անցարգելի մը մօտ կատարած է անձնասպանական գործողութիւն մը, որուն պատճառով թեթեւօրէն վիրաւորուած են երեք բանակայիններ:
Աւելի ուշ երեք ահաբեկիչներ անձնասպանական գործողութիւններ կատարած են առանց ոեւէ մէկուն վնաս հասցնելու: Իսկ այլ ահաբեկիչներ բանակի շրջուն ջոկատներէն մէկուն վրայ ձեռնառումբեր նետեցին` վիրաւորելով չորս բանակայիններ:
Բացի անձնասպանական գործողութիւններէն, պայթած է նաեւ ական մը, մինչ չորս այլ ականներ գրաւուած են եւ վնասազերծուած բանակի սակրաւորներուն կողմէ:
Բանակը Արսալի մէջ ձերբակալեց աւելի քան 200 կասկածելիներ եւ գրաւեց ականներ, զէնք եւ զինամթերք:
Նշենք, որ ձերբակալուած ահաբեկիչներուն մէջ է ահաբեկիչ Ահմետ Խալետ Տիապը, որ սուրիացի վտանգաւոր ահաբեկիչներէն է եւ գնդապետ Նուրէտտին Ժամալը սպաննողը:
Պէտք է աւելցնել նաեւ, որ կարգ մը լրատուամիջոցներու կողմէ հաղորդուած այն լրատուութիւնը, թէ բանակը Արսալի մէջ բացայայտած է գետնափոր նկուղ մը, որ կը ծառայէր իբրեւ ականներ պատրաստելու գործարան, անճիշդ դուրս եկաւ եւ հերքուեցաւ:
Միւս կողմէ, բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն ուղղուեցաւ Արսալ` ստուգելու համար հոն տեղակայուած լիբանանեան բանակի զօրամասերը, ինչպէս նաեւ Նուր գաղթակայանին մէջ զինուորական գործողութիւն իրականացնողները:
Զօր. Աուն հանդիպում ունեցաւ անոնց հետ եւ իմացաւ անոնց կարիքները: Ան դրուատեց բանակին զոհողութիւնները եւ ապաքինում մաղթեց վիրաւոր բանակայիններուն:
Բանակի հրամանատարը բարձր գնահատեց զինուորներուն քաջութիւնը եւ արհեստավարժութիւնը` ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու, միաժամանակ գաղթակայանին մէջ գտնուող տեղահանուած քաղաքայիններուն ապահովութիւնը պահպանելու առումով:
Զօր. Աուն շեշտեց, որ բանակին գործողութիւնը ցուցանիշ է, թէ բանակը յանձնառու կը մնայ ահաբեկչութեան եւ անոր բջիջներուն դէմ պայքարելու ու զանոնք ոչնչացնելու իր որոշումին:
Ան կոչ ուղղեց բանակին մնալու զգաստ ու պատրաստ` պաշտպանելու համար հայրենիքն ու ամրապնդելու անոր ապահովական կայունութիւնը:
Նշենք, որ Քաայի շրջանը հարուածող անձնասպանական գործողութիւններուն Ա. տարելիցին առիթով, զօր. Աուն այցելեց նաեւ այդ շրջանը:
Զօր. Աուն Քաայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ քաղաքապետին, թաղապետերուն եւ Քաայի բնակիչներու ներկայացուցիչներուն հետ:
Հանդիպումին ընթացքին Քաայի պատասխանատուները բարձր գնահատեցին բանակին ջանքերը եւ զոհողութիւնները, իսկ զօր. Աուն իր կարգին շեշտեց, որ բանակը պիտի պաշտպանէ սահմանամերձ շրջանի գիւղերն ու անոնց բնակիչները` առանց արտօնելու, որ ահաբեկչութիւնը սպառնայ անոնց ապահովութեան:
Զօրակցական Կեցուածքներ
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն շնորհաւորեց բանակին կողմէ Արսալի մէջ կատարուած տեսակարար գործողութիւնը` նշելով, որ անկարգելաւորներու ջոկատին կողմէ ահաբեկիչներ ձերբակալելու նպատակով կատարուած այս գործողութիւնը շատ վտանգաւոր էր:
Նախագահ Աուն նշեց, որ սուրիացի տեղահանուածներուն գաղթակայանները վերածուած են «զօրանոցներու»:
Իր կարգին, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ զօր. Աունի հետ եւ շնորհաւորեց զայն բանակին արձանագրած քաջագործութիւններուն եւ զոհողութիւններուն համար:
Պըրրի շուտափոյթ ապաքինում մաղթեց վիրաւոր զինուորներուն:
Պաշտպանութեան նախարար Եաագուպ Սարրաֆ շեշտեց, որ բանակը դարձեալ փաստած է, թէ երկրին պահապանն է` աւելցնելով, որ բանակին իրագործած կանխարգելիչ գործողութիւնը կրկին ճիշդ դուրս եկած է` ահաբեկչութիւնը հալածելու եւ զայն երկաթեայ բազուկով հարուածելու իմաստով:
Սարրաֆ ընդգծեց, որ ահաբեկիչներուն եւ անձնասպանական գործողութիւններու հեղինակներուն միախառնումը սուրիացի տեղահանուածներուն տրամադրուած գաղթակայաններուն մէջ կ՛ենթադրէ արագ քայլերու դիմել` գաղթականներու հարցին արմատական լուծումներ գտնելու առումով:
Սարրաֆ հաստատեց, որ բանակին նկատմամբ քաղաքական լիիրաւ վստահութիւնն ու զօրակցութիւնը կը վերահաստատեն, յատկապէս ահաբեկչութիւնը կանխարգիլելու նպատակով բանակին գործադրած զինուորական տեսակարար գործողութիւններուն պարագային:
Սարրաֆ նշեց, որ ահաբեկչութեան մահացու հարուած հասցնելու բանակին որոշումը առկայ է` աւելցնելով, որ Լիբանանի մէջ ահաբեկչութիւնը հիւրընկալող միջավայր չկայ:
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը ողջունեց լիբանանեան բանակն ու ապահովութեան ուժերը` իրենց կատարած ապահովական գործողութեան համար:
Ան մաղթեց, որ լիբանանցիները դէպքերուն հետ պատասխանատուութեամբ վարուին եւ վերջ տան ապօրինի զէնքի գործածութեան, որպէսզի ուրախութիւնը սուգի չվերածուի:
Շիիներու գերագոյն խորհուրդի նախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան շնորհաւորեց բանակը Արսալի մէջ անոր իրականացուցած տեսակարար գործողութեան առիթով` շեշտելով, որ բանակը կանխարգելիչ այս գործողութեամբ փաստած է ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու իր բարձր կարողութիւնը:
Շէյխ Քապալան շուտափոյթ ապաքինում մաղթեց վիրաւոր բանակայիններուն:
Հըզպալլա շնորհաւորեց բանակը Արսալի մէջ անոր կատարած զինուորական տեսակարար գործողութեան առիթով: Ան հաստատեց, որ պահանջուածը ապահովական բոլոր կառոյցներուն ի գործ դրած ջանքերուն միասնականացումն ու անոնց համադրումն է, որպէսզի կարելի ըլլայ ահաբեկչութիւնը արմատախիլ ընել:
Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Եասին Ժապեր ողջունեց բանակը` յայտնելով, որ Արսալի մէջ վերջինիս գործողութիւնը Լիբանանի համար տեսակարար նուաճում կը նկատուի:
Ժողովրդային պլոք կուսակցութեան ղեկավար Միրիամ Սքաֆ ողջունեց բանակին իրագործած նուաճումը` հաստատելով, որ ահաբեկչութեան գոյութիւնը պէտք է ջնջել եւ ոչ թէ երկրին սահմանները ահաբեկչութենէ զերծ պահել:
Սքաֆ ընդգծեց, որ իրենք կատարեալ վստահութիւն ունին բանակին եւ անոր կատարած կանխարգելիչ գործողութիւններուն վրայ:
Լիբանանի մէջ ֆրանսական դեսպանատունը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ խստիւ դատապարտեց Արսալի մէջ լիբանանեան բանակը ահաբեկչական գործողութիւններու թիրախ դարձնելու արարքը:
Ֆրանսական դեսպանատունը զօրակցութիւն յայտնեց վիրաւորներուն` վերահաստատելով Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը պահպանելու եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու առումով իր յանձնառութիւնը:



