Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անգարա «Խիստ Վրդոված Է». Գերմանիոյ Ներքին Գործոց Նախարարը Էրտողանի` Գերմանաբնակ Թուրքերուն Առջեւ Խօսք Արտասանել Արգիլելը Կը Նկատէ Ճիշդ

July 1, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Գերմանիոյ ներքին գործոց նախարար Թոմաս տէ Մայզիերէ կատարելապէս ճիշդ նկատած է այն որոշումը, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին կ՛արգիլէ գերմանաբնակ թուրքերուն առջեւ խօսք արտասանել: Այս մասին կը հաղորդէ «Տէօչէ Վելլէ»-ն:

«Գերմանիոյ մէջ նախապատրաստուող ընտրական պայքարէն առաջ դուրսէն ընտրութեան ազդելու փորձերը բացարձակապէս անընդունելի են», ըսած է նախարարը: Ան նշած է, որ թէեւ Թուրքիան Գերմանիոյ համար կարեւոր գործընկեր է, սակայն վերջին շրջանին թուրք-գերմանական յարաբերութիւնները այդքան ալ լաւ վիճակի մէջ չեն:

«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ նախագահի խորհրդական Իպրահիմ Քալըն յայտարարած է, թէ Անգարա խիստ վրդոված է, որ Գերմանիա Էրտողանին չ՛արտօներ Գերմանիա բնակող թուրքերուն առջեւ խօսք արտասանել: Ան այդ առնչութեամբ գերմանացի քաղաքական գործիչներուն կատարած յայտարարութիւնները կոչած է «սադրիչ եւ չարամիտ»:

«Ամէն պահու ժողովրդավարութեան, մարդու իրաւունքներու եւ ազատութիւններու հարցին մէջ Թուրքիոյ դաս տալ փորձողները, որոնք կ՛աջակցին ահաբեկչական խմբաւորումներուն ու յեղաշրջման փորձին նախաձեռնողներուն, կը փորձեն արգիլել մեր նախագահին հանդիպումը մեր քաղաքացիներուն հետ, ինչ որ Եւրոպայի մէջ տիրող երկակի չափանիշներու հերթական ապացոյցն է», յայտարարած է Քալըն` յոյս յայտնելով, որ գերմանական կողմը հրաժարի իր որոշումէն:

Էրտողան կը նախատեսէ 7-8 յուլիսին մասնակցիլ Համպուրկ քաղաքին մէջ Քսաններու խմբակի անդամ երկիրներու վեհաժողովին: Ան պաշտօնապէս դիմած է տեղւոյն իշխանութիւններուն` հաւաք կազմակերպելու եւ այդտեղ խօսք արտասանելու խնդրանքով: Այս մասին յայտնած էր Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Զիկմար Կապրիէլ` նշելով սակայն, որ թուրք-գերմանական լարուած յարաբերութիւններու լոյսին տակ այդ քայլը նպատակայարմար չէ: Իսկ գերմանական տարբեր քաղաքներ մերժած էին Էրտողանին սրահ տրամադրել:

Նախորդը

Լա Հէյի Դատարանը Խրուաթիոյ Հետ Տարածքային Վէճը Լուծած Է Յօգուտ Սլովենիոյ

Յաջորդը

Ֆրանսայի Ոստիկանութիւնը Ձերբակալած Է Մզկիթի Մօտ Վրայերթի Փորձ Կատարած Անձը

RelatedPosts

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը  Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի

October 29, 2026
Թրամփ. «Շատ Շուտով Փութինի Եւ Զելենսքիի  Միջեւ Ժողով Մը Պիտի Դասաւորուի»
Միջազգային

Թրամփ. «Շատ Շուտով Փութինի Եւ Զելենսքիի Միջեւ Ժողով Մը Պիտի Դասաւորուի»

October 29, 2026
Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի.  Քաթարցի Միջնորդները Կիրակի Օր Թեհրանի Մէջ  Համաձայնութեան Նոր Նախագիծ Մը Ներկայացուցած Են
Միջազգային

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի. Քաթարցի Միջնորդները Կիրակի Օր Թեհրանի Մէջ Համաձայնութեան Նոր Նախագիծ Մը Ներկայացուցած Են

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.