Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դաւիթ Իշխանեան. «Շատոնց Ժամանակը Հասած Է Գիտակցելու, Որ Միջազգային Հանրութեան Հետ Յոյսեր Կապելը Զուր Է»

June 22, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Արցախի մէջ երբեք խուճապային տրամադրութիւն չէ եղած, նոյնիսկ անցեալ ապրիլին եւ անոր յաջորդող ժամանակահատուածին: Սահմանային լարուածութիւնը դարձած է, կարծես թէ, առօրեայ վստահաբար նաեւ մտահոգիչ, բայց բոլոր պարագաներուն Արցախը իր առօրեայ կեանքով կ՛ապրի եւ կը ստեղծագործէ», «Հրապարակ»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին, անդրադառնալով վերջին օրերուն սահմանային լարուածութեան բարձրացումին, ըսաւ Արցախի Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան ղեկավար, պատգամաւոր Դաւիթ Իշխանեան:

Դ. Իշխանեան չի բացառեր պատերազմի վերսկսումը, իր խօսքերով` երբեք պէտք չէ ըսել` երբեք. «Այս սադրանքները բնականաբար ունին իրենց նպատակները, կը կարծեմ` աշխարհաքաղաքական զարգացումները, Միջին Արեւելքի եւ մեր շրջանին մէջ տեղի ունեցող փոփոխութիւններն ու ստեղծուած իրավիճակը, Ազրպէյճանը առիթէ առիթ կը մղեն նմանատիպ գործողութիւններու: Ազրպէյճան նաեւ կը փորձէ իր ներքին խնդիրները լուծել սահմանային իրավիճակը լարուած պահելով»:

Իշխանեան կը նշէ, որ շատոնց ժամանակը հասած է գիտակցելու, որ միջազգային հանրութեան հետ յոյսեր կապելը զուր է. «Մեր ժողովուրդը շատոնց պէտք է հասկցած ըլլար, որ միջազգային հանրութեան հետ մեծ յոյսեր պէտք չէ ունենանք եւ միջազգային հանրութեան կողմէ ճնշում գործադրելու հետ յոյսեր կապել եւ երազանքներ ունենալ կը կարծեմ անիմաստ է»:

Անդրադառնալով Մինսքի խմբակի համանախագահներու վերջին յայտարարութիւններուն, երբ առաջինին պարագային դատապարտած  էին ազրպէյճանական գործողութիւնները, իսկ երկրորդը կրկին «անատամ» յայտարարութիւն էր, Իշխանեան նշեց, որ քանի տակաւին  չկան գործնական քայլեր, յայտարարութիւնները արժէք չեն կրնար  ունենալ: «Կը կարծեմ պէտք է միշտ գնահատել Մինսքի խմբակի համանախագահներու յայտարարութիւններն ու գործողութիւնները, բայց այդ բոլորը նկատել հասցէական եւ բաւարարուիլ յայտարարութիւններով բաւարար չէ: Յայտարարութիւնները կրնան  գործնական ըլլալ, երբ կիրարկուին Վիեննայի եւ Ս. Փեթերսպուրկի համաձայնութիւնները», ընդգծեց Իշխանեան:

Անդրադառնալով այն կարծիքներուն, թէ սահմանային լարուածութիւնը ուղղուած է ժողովուրդը ճնշելու եւ հողերը յանձնելու, պատգամաւորը  ըսաւ. «Արդէն մեզի համար շատ պարզ է, որ Ազրպէյճանը տարիներէ ի վեր որդեգրած է մաշեցնող պատերազմի քաղաքականութիւնը եւ կը փորձէ որոշակի իրավիճակ ստեղծելով պարտադրանքի մեքանիզմներ կիրարկել, բայց կը կարծեմ` մենք, գիտակցելով այդ ամէնը, կրնանք հակընդդէմ քայլերու ձեռնարկել եւ հասկնալով նաեւ անոնց որդեգրած մարտավարութիւնը, որեւէ ձեւով չենք կրնար թոյլ տալ անոնց իրենց նպատակին հասնելու: Ի սկզբանէ ըսի, որ Արցախը կ՛ապրի իր առօրեայով, մեզի համար հոգեբանական այնպիսի մթնոլորտ ստեղծել, որ կարենան պարտադրանքը իրականացնել, կը կարծեմ` անկարելի է: Մենք ունեցած ենք աւելի ծանր պայմաններ, ապրած ենք աւելի ծանր ժամանակներ եւ այդ կարգի իրավիճակներու մէջ կրցած ենք յաղթահարել մեր առջեւ ծառացած ամէն մարտահրաւէր»:

 

Նախորդը

Պաքու Համաձայն Է Առարկայական Բանակցութիւնները Շարունակելու

Յաջորդը

Դաւիթ Բաբայեան. «Ազրպէյճան Կը Փորձէ Փրկել Իր Ոտնահարուած Ինքնասիրութիւնը»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային,  Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային, Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է

October 27, 2026
Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.