Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եւրոպական Միութեան Եւ Արեւելեան Գործընկերները Մինչեւ 2020 Նախանշած Են 20 Թիրախային Արդիւնք

June 21, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու եւ Արեւելեան գործընկերութեան մասնակից երկիրներու` Լիւքսամպուրկի մէջ տեղի ունեցած նախարարական ընդհանուր ժողովին նախագահած է Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան հարցերով յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինի: Ընդհանուր ժողովին մասնակցած են Հայաստանի, Ազրպէյճանի, Պիելոռուսիոյ, Վրաստանի, Մոլտովայի եւ Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարարները, ինչպէս նաեւ Եւրոպական դրացնութեան քաղաքականութեան հարցերով Եւրոպական Միութեան յանձնակատար Եոհաննէս Հանը:

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ ընդհանուր ժողովի քննարկման հիմնական օրակարգային հարցը նոյեմբեր 2017-ին Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունենալիք Արեւելեան գործընկերութեան վեհաժողովի նախապատրաստման հարցն էր:

Նախարարները քննարկած են նախորդ` 2015-ին Ռիկայի մէջ տեղի ունեցած վեհաժողովէն ետք արձանագրուած հիմնական ձեռքբերումները` շեշտը դնելով այն հիմնական օգուտին վրայ, որ ծրագիրը ունեցած է մասնակից վեց երկիրներու քաղաքացիներուն համար:

«Այսօր մենք վերահաստատեցինք Եւրոպական Միութեան եւ Արեւելեան գործընկերներու ուժեղ յանձնառութիւնը` շարունակելու մեր համագործակցութիւնը: Նոյեմբերին տեղի ունենալիք մեր վեհաժողովը ցոյց պիտի տայ մեր միութիւնը եւ կեդրոնացած ըլլալը շօշափելի արդիւնքներու վրայ», յայտարարած է Մոկերինի:

Նախարարները հաստատած են, որ յառաջիկայ վեհաժողովը պէտք է ապահովէ համագործակցութեան ամրապնդման հետագայ ուղիները Ռիկայի վեհաժողովին մէջ մատնանշուած չորս հիմնական ուղղութիւններով` առաւել ուժեղ կառավարութեան մէջ (ամրապնդել հաստատութիւններն ու լաւ կառավարումը), առաւել ուժեղ հասարակութիւն (աւելցնել շարժումն ու մարդոց միջեւ կապերը), առաւել ուժեղ տնտեսութիւն (խթանել տնտեսական զարգացումն ու բարեկեցութեան ապահովման նպատակով օգուտ քաղել շուկայական տնտեսութեան կարելիութիւններէն), առաւել ուժեղ կապ (ընդլայնել կապերը, մասնաւորաբար փոխադրամիջոցներու եւ ուժանիւթի մարզերուն մէջ):

Նշուած նպատակներուն հասնելու համար Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան յանձնակատար Մոկերինի եւ յանձնակատար Հան նախարարներուն ներկայացուցած են Արտաքին գործոց եւրոպական ծառայութեան եւ Եւրոպական յանձնաժողովի համատեղ մշակած աշխատանքային փաստաթուղթը` «Արեւելեան գործընկերութիւն` կեդրոնանալով հիմնական առաջնահերթութիւններուն եւ արդիւնքներուն վրայ»: Փաստաթուղթին մէջ կը շեշտադրուին այն քսան հիմնական արդիւնքները, որոնց Եւրոպական Միութիւնն ու Արեւելեան գործընկերները պէտք է հասնին մինչեւ 2020 թուական:

Նախարարները նաեւ քննարկած են Արեւելեան գործընկերութեան բազմակողմ կառուցուածքը առաւել արդիւնաւէտ դարձնելու հարցը, որուն նպատակը նշուած է ոլորտներուն մէջ քաղաքականութեան համադրումն ու համապատասխանեցումը:

Նախորդը

Ֆրանսայի Խորհրդարան Մուտք Գործած Են Մրցանշային Թիւով Կիներ

Յաջորդը

Մուսուլի Մէջ Ֆրանսացի Երեք Լրագրողներ Վիրաւորուած Են

RelatedPosts

Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին  Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»
Միջազգային

Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.